Կիրակի՝ 20 Մարտին տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը Պէյրութի «Սինեմա Տիւնիա»ի ընդարձակ սրահին մէջ: Հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա., իսկ նախագահութիւնը՝ Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որոնք
իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Օգնութեան Խաչը: Վեհափառի ու վարչապետի կողքին, օթեակներու մէջ տեղ գրաւած էին պետական հայ երեսփոխանները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, ազգային մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները: Վարչապետի ժամանումին նուագուեցաւ լիբանանեան քայլերգը, որմէ անմիջապէս ետք սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը: Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի բացման խօսքէն ետք կարդաց ամփոփ տեղեկագիրը Օգնութեան Խաչի երկամեայ արդիւնաշատ գործունէութեան: Մեթր Խաչիկ Պապիկեան խօսեցաւ արաբերէն ճառ մը՝ գլխաւորաբար ուղղուած վարչապետին եւ անոր միջոցով Լիբանանեան պետութեան՝ վեր առնելով Օգնութեան Խաչի մարդասիրական գործին բոլոր երեսները: Իր ճառէն ետք մեթր Պապիկեան հրաւիրեց վարչապետը՝ կատարելու տուչութիւնը «Մայրիներու ազգային կարգի շքանշանին, որով նախագահ Շարլ Հելու պատուած է Լ. Օ. Խաչի բազմավաստակ ատենապետուհին եւ անոր անձին ընդմէջէն՝ կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը: Վարչապետը բարձրացաւ բեմ եւ շքանշանը կախեց Լոլա Սասունիի կուրծքին՝ շնորհաւորելով զայն այս մեծ պատիւին համար: Շրջանային վարչութեան անունով Վ. Ֆեթթելեան կարդաց շնորհակալական գիր մը՝ ուղղուած նախագահին, վարչապետին եւ կառավարութեան: Լ. Սասունի, բեմ հրաւիրելէ առաջ օրուան բանախօս Հուրի Իփէկեանը, որ յատուկ այս հանդէսին համար հրաւիրուած էր Ֆրանսայէն, ընդգծեց անոր բազմաշնորհ արժանիքները՝ իբրեւ բանաստեղծուհիի եւ հանրային նուիրեալ գործիչի: Յարգելի բանախօսուհին շեշտը դրաւ լիբանանահայ գաղութի ներկայ վիճակին վրայ՝ զայն բաղդատելով 30ական թուականներու կացութեան հետ: Լ. Սասունի բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը՝ իր օրհնութեան խօսքով փակելու համար հանդիսութիւնը: