Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայաստան հանքային վառելանիւթ չունի։ Այս պատճառով ալ  ստիպուած է օտար երկիրներէ քարիւղ, ածուխ, փայտ, եւ մանաւանդ, բնական կազ բերել՝ տնային առօրեայ գործածութեան եւ արդիւնաբերութեան համար։ Շատ դժուար պայմաններու մէջ նախ հաստատուած է Ղարաբաղ¬Երեւան կազամուղի գիծը, որուն շնորհիւ, 1960ին, Երեւան ունեցած է բաւականաչափ քանակութեամբ բնական կազ։ Յետագային, նոր գիծերու հաստատումով, բնական կազ ունեցած են նաեւ Լենինականի, Կիրովականի, Իջեւանի, Դիլիջանի, Ալավերդիի, Արարատի եւ այլ քաղաքներու կամ աւաններու գործարանները։ Ներկայիս, կազամուղիներու ընդհանուր երկարութիւնը կը հասնի 725 քիլոմեթրի։ Ներկայիս կը շինուի Երեւանը Հոկտեմբերեանին միացնող խողովակաշար մը, որ պիտի անցնի Արարատեան դաշտի զանազան գիւղերէն՝ իւրաքանչիւրին մատակարելով բնական կազ։ Հոկտեմբերեանը միեւնոյն ատեն կազամուղով մը պիտի կապուի Լենինականին։ Նախատեսուած է շինել կազամուղ մը եւս, որ պիտի օղակէ Սեւանայ լիճը։ Նոր ծրագրի մը համաձայն, Տաղստանի կազը եւս պիտի բերուի Հայաստան։ Ղարաբաղ¬Երեւան գիծին միջոցաւ։  Միւս կողմէ, Հայաստանի մասնագէտները կը նախատեսեն կազի մեծ պահեստարաններ շինել Երեւանի մօտերը գտնուող Աւանի աղահանքի քարանձաւներուն մէջ։ Այս աշխատանքներու կարգին, հայ երկրաբանները սկսած են մեծ ճիգ թափել Հայաստանի մէջ կազի հանքեր գտնելու համար։ Վերջերս, Արարատեան դաշտին մէջ յայտնաբերած են կազաբեր շերտեր, որ ըստ նախնական հաշիւներու, պիտի բաւարարեն Հայաստանի պահանջները։ Երկրաբանները մեծ եռանդով կը շարունակեն իրենց աշխատանքները։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը ձեռնարկած է «Նիւթեր հայ ազգագրութեան ու բանահիւսութեան» մատենաշարով հրատարակելու խմբարշաւներու եւ անհատ բանահաւաքներու ժողուած նիւթերը։ Արդէն լոյս տեսած է մատենաշարի առաջին գիրքը՝ «Նոր Նախիջեւանի հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը» ժողովածուն։