- Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ արտակարգ շուքով տօնուած է «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»ի հիմնադրութեան երեսնամեակը, որ երեսուն տարիէ ի վեր, ամէն օր, կանոնաւորաբար հայկական յայտագիր կը ձայնասփռէ Մոնթեվիտէոյի ռատիոկայանէն: Երեք ժամ տեւող յատուկ յայտագիր մը ձայնասփռուած է, որուն
ընթացքին «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»ի կատարած ազգօգուտ գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած է: Երեսուն տարի առաջ խումբ մը հայ երիտասարդներու անձնուէր զոհողութիւններով կազմուած՝ «Կոմիտաս ձայնասփիւռ» միութիւնը կը նպատակադրէր հայկական ձայնասփիւռ ժամով մը Մոնթեվիտէոյի նոր հաստատուած հայ գաղութը կապուած պահել ազգային երգին ու կեանքին, հայ լեզուին ու աւանդութիւններուն: Արդարեւ, երեսուն տարի «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»ի ժամը կենդանի ոգեւորութեան ժամը եղաւ, եւ գաղութը կապուեցաւ անոր, դարձաւ բոլորէն փնտռուած պահանջ մը: Դպրոցներ, ակումբներ, միութիւններ եւ Ուրուկուէյի հայ գաղութը ամբողջ օգտուեցան անկէ:
- 1 Մարտ 1966ին, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու գրասենեակի տնօրէն Ռոճըր Փ. Տէյվիսի, Ուաշինկթընի մէջ, եւ կատարեցին յանձնումը յուշագրի մը, որ կը ներկայացնէ Հայ Դատի պատմական, քաղաքական եւ հողային բնոյթը եւ կը պահանջէ արդար լուծումը այդ դատին։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ երեք ընկերները արժանացան, այս առթիւ, աւելի քան կէս ժամուան ունկնդրութեան մը: Ռոճըր Փ. Տէյվիս եւ իր փոխանորդը՝ Քինսոլվինկ, որ ներկայ էր ունկնդրութեան ու կը կատարէր նաեւ արձանագրութիւնը խօսակցութեանց, ջերմ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին թէ՛ հայկական պահանջներու եւ թէ՛ առհասարակ հայ ժողովուրդի այժմեան կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը խնդիրներու հանդէպ եւ ստացան համապատասխան անհրաժեշտ բացատրութիւնները: