Շուէտահայ երիտասարդ ճարտարապետ պրն. Տէր¬Յակոբեան, վերջերս Հռոմ այցելած ու Լեւոնեան վարժարանին մէջ ֆրանսերէն լեզուով շահեկան դասախօսութիւն մը տուած է շուէտացիներու վրայ հայերու ազդեցութեանց մասին։ Պրն. Տէր¬Յակոբեան իբր նախաբան տուած է հետեւեալ ծանօթութիւնները.¬ Ա.¬ Շուէտական կշիռքի դրութիւնը ազդուած է հայերէն։ Բ.¬ Գորգի, ասեղնագործութեան ու բանուածքի վերաբերեալ ձեռագործները՝ ազդուած են հայերէն։ Գ.¬ Շուէտական

երաժշտութիւնը կը կրէ հայկական երաժշտութեան որոշ ազդեցութիւնը։ Դ.¬ Անուններէն՝ Սուրէն անունին փոխարէն՝ շուէտացիները ունին Սուր անունը եւ էրիկ գոյականը անոնք կը հնչեն էրիգ։ Պրն. Տէր¬Յակոբեանի համաձայն, շուէտացի թագաւորներու վրայ իսկ հայկական ազդեցութիւն կայ։ Շուէտական ճարտարապետութիւնն ալ ազդուած է հայկականէն։ Ամէնէն պարզ եկեղեցիներու մէջ իսկ ունէինք ճարտարապետութիւն,¬ օրինակ՝ սիւներով գմբէթ մը։ Շէնքերու զարդարուն ճակատներ։ Ասոնցմէ կան Շուէտի մէջ ալ։ Շուէտացի փրոֆեսէօրներ, բազմաթիւ գիրքեր գրած են Հայաստանի ճարտարապետութեան մասին։ Շուէտացիները յարձակած են Բիւզանդիոնի վրայ, բայց, չեն կրցած յաղթել՝ որովհետեւ, Բիւզանդիոնի այն ատենուան կայսրը հայ էր։ Մաս մը Շուէտացիներ զինուորական պաշտօնով Բիւզանդիոն ապրած, ամուսնացած եւ ատեն մը վերջ վերադարձած են իրենց երկիրը՝ Շուէտ։ Այս երկրին մէջ գտնուած են կիներու հայկական անուններ, բանուած կերպասներ, ոսկեղէն բաժակներ։ Հայ վաճառականներ կարաւաններով հասած են Ֆինլանտա, ուր փոխանակած են իրենց ապրանքները։ Երկու հայ եպիսկոպոսներ մեծ յաջողութեամբ քարոզած են Շուէտի մէջ։ ԺԷ. դարուն, Շուէտի թագաւորը յարձակած է Ռուսիոյ վրայ եւ յաջողած յաղթել։ Բայց, վերջաւորութեան՝ ռուսերը իրենց յատուկ մէկ ռազմավարութաեմբ նախ նահանջած եւ ապա յարձակելով հարուածած են թշնամին։ Պրն. Տէր¬Յակոբեան ի վերջոյ ըսած է, թէ Շուէտի մէջ շինուած է հայկական ոճով եկեղեցի մը, զոր տեղացիները Էլիզապէթեան ոճ կոչած են, չհասկնալով հայկական ըլլալը։