Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կազմակերպած բարեկենդանեան մանկական պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Փետրուար 16ին, Տուրղութիի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի սրահին մէջ։ Որոշեալ ժամուն մեծ թիւով փոքրիկներ, բարեկենդանեան յատուկ զգսետներ հագած, իրենց մայրերու առաջնորդութեամբ, սրահ կը փութային պարելու եւ զուարճանալու համար։ Պարահանդէսին ներկայ էին Հ. Կ. Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչի տեղւոյն մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, «Յակոբեան» վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ շատ մայրեր։ Պարահանդէսէն առաջ, վարժարանի տնօրէն ընկ. Օ. Զաքարեան, հակիրճ խօսքերով ներկաներուն բացատրեց Հ. Կ. Խաչի կատարած հսկայ գործը՝ ազգային ու դաստիարակչական մարզերէն ներս։ Ապա փոքրիկներուն բարի զուարճութիւն մաղթելով՝ պարահանդէսը բացուած յայտարարեց։ Երկսեռ աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ սրահին կեդրոնը փութացին, պարելու, երգելու եւ զանազան խաղեր ընելու համար։ Հայկական եւ յունական խմբական գեղեցիկ պարեր ալ պարեցին։ Իսկական վայելք մըն էր մեծերուն համար, փոքրիկներուն զուարճանալը դիտել եւ անոնց ուրախակից ըլլալ։ Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը, բոլոր աշակերտներուն նուիրեց մէկական ծրարիկ որ կը պարունակէր միրգեր, շաքարեղէններ, «պալոններ» եւ «սերբանթին»։ Պարահանդէսը վերջանալէ առաջ, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու բոլորին երջանիկ տարիներ մաղթելով փակեց պարահանդէսը։ Փոքրիկները իրենց մայրերուն հետ հեռացան սրահէն, շնորհակալութիւն յայտնելով Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներուն, որոնք այս տարի եւս, իրենց պարգեւեցին զուարճանքի քանի մը հաճելի ժամեր։ Նաեւ Փետրուար 20ին Ֆիքսի «Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ, աննախընթաց յաջողութեամբ, տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած բարեկենդանեան ընտանեկան պարահանդէսը։