- Հինգշաբթի՝ 3 Մարտ 1966ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, լիբանանցի արուեստագէտներու գծագրութիւններու (art graphique) ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը, որուն կը մասնակցին մօտաւորապէս

19 հայ եւ օտար արուեստագէտներ: Երկուշաբթի՝ 28 Փետրուարին, մասնաւոր հրաւէրով, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ ներկայ գտնուեցան Համազգայնի վարչութեան կազմակերպած քոքթէյլին, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանան նկարիչներուն եւ անոնց գործերուն:

- Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս, որ 1965 Սեպտեմբերին Ամերիկա մեկնած էր առողջական պատճառներով եւ «Ս. Խաչ» դպրեվանքի նիւթականը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու համար, վերադարձէն ետք, Կրօն. ժողովի Փետրուար 21ի նիստին մէջ, գրաւոր զեկոյցով տեղեկութիւններ տուած է իր առաքելութեան մասին: Սրբազան Պատրիարքը այցելած է Միացեալ Նահանգներու  եւ  Քանատայի հայաշատ քաղաքները: Արժանացած է ջերմ ընդունելութեան եւ տեղեկութիւններ տուած է թրքահայ համայնքի մասին՝ ներկայացնելով անոր կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւնները: Ծանրացած է յատկապէս մնայուն եկամուտի աղբիւրներէ զուրկ՝ «Ս . Խաչ» դպրեվանքին նիւթապէս օժանդակելու անհրաժեշտութեան մասին: Պատրիարքը իր զեկոյցին մէջ գոհունակութեամբ կը հաստատէ, թէ իր երեքամսեայ շրջագայութիւնը, համայնքային թէ անհատական, պսակուած է յաջողութեամբ:

- Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա» երիտասարդական միութիւնը ունի 1300 անդամ: 300ը՝ պատանի: Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի 650 անդամ: 400ը՝ երիտասարդ: Ոտնագնդակի միութիւնը ունի 150 անդամ: Հ.Օ.Միութիւնը ունի 2200 անդամ: Աւելի քան 50 հայրենակցական միութիւններ կան: Հայկական դպրոցները պետականացուած են, որպէսզի կէս օր ազատօրէն կարենան յատկացնել հայկական բաժնին: