Իրաքի հայ գաղութի մասին առաջին յիշատակութիւնը եղած է 521ին, պարսից Դարեհ աշխարհակալին կողմէ, «Բիսութանի արձանագրութիւններ»ուն մէջ, ուր յիշատակուած է, որ հայերը հինգ անգամ ապստամբած են իրեն դէմ եւ հինգ ճակատամարտեր մղած՝ Հայկական Միջագետքի մէջ: Հետագային Մեծն Տիգրան արշաւած եւ նուաճած է Միջագետքը: Հայ գաղութ գոյութիւն ունէր
նաեւ արաբական խալիֆայութեան շրջանին: Խալիֆաներու հաւանութեամբ կազմուեցան Բագրատունեաց, Արծրունեաց եւ Կարսի հայոց թագաւորութիւնները: Թագաւոր ու նախարարներ Պաղտատ կը կանչուէին: Իրաքի հայ գաղութը ձեւ ու մարմին առաւ 17րդ դարուն, երբ Շահ Աբաս բռնագաղթի ենթարկեց Արարատեան դաշտի, Շիրակի, Բագրեւանդի, Պիթլիսի, Վասպուրականի հայութիւնը եւ բերաւ բնակեցուց Պարսկաստանի Մազանդարանի եւ Սպահանի շրջանները: Այս գաղթականներէն մաս մը, հետագային, անցաւ Իրաք եւ բնակութիւն հաստատեց Պասրայի եւ Պաղտատի մէջ: 1915ի Եղեռնէն ճողոպրած, մասամբ ալ Վասպուրականի՝ Ուրմիոյ վրայով դէպի Պատքուպա նահանջած հայ զանգուածներ Իրաք անցան: Այժմ նախկին հայերը կը կոչուին «հին հայեր», իսկ 1915էն ի վեր եկածները՝ «նոր հայեր»: Իրաքի հայ գաղութը այսօր կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.- Պաղտատի մէջ կան մօտ 10.000 հայեր, Պասրայի մէջ՝ 3-4000, Մուսուլ՝ 3000, Քերքուկ նաւթային շրջանի մէջ՝ մօտ 1000 եւ զանազան վայրերու մէջ աւելի փոքրաթիւ հայեր: Ընդամէնը՝ 20 հազար հայեր: Հայերը կը զբաղին մեծ մասամբ արհեստներով, առեւտուրով, պետական ծառայութեամբ եւ մասնագիտութեամբ: Իրաքի հայութեան հայկական կեանքը կþարտայայտուի գլխաւորապէս դպրոցներով: Պաղտատի մէջ կան չորս հայկական դպրոցներ, որոնցմէ մէկը՝ միջնակարգ, ազգային «Միացեալ» վարժարանը, որ ունի 1100է աւելի աշակերտ: Փոքր դպրոցներ կան նաեւ Պասրայի, Մուսուլի, Քերքուկի, Զախոյի եւ Հապանէի մէջ: Դպրոցներու մէջ կը գործադրուի Իրաքի պետական-կրթական ծրագիրը, հետեւաբար հայ լեզուն կը դասաւանդուի սահմանափակ ժամերով, իսկ հանրակրթական առարկաները՝ արաբերէնով: