- Վեց տարի առաջ հիմուած Լենինականի ելեկտրական իրերու գործարանը սկսած է արտադրել ելեկտրական արդուկներ ու վառարաններ, ինչպէս նաեւ՝ օդափոխիչներ, սրճաեռներ եւ աման լուացող մեքենաներ։ Գործարանին մէջ կþաշխատին 315 գործաւորներ, որոնցմէ շատեր հայրենադարձներ են։
- Տաղանդաւոր եւ անուանի նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի պաստառները Ռումանիոյ եւ Չեխոսլովաքիոյ մէջ ցուցադրուած են վերջերս ու մօտ ատենէն պիտի ղրկուին Պերլինի Ազգային Պատկերասրահը։ Պերլինէն յետոյ, Սարեանի գործերը պիտի ցուցադրուին նաեւ Տրեզտէն եւ Լայփցիկ քաղաքներուն մէջ, իսկ Մայիս ամսուն անոնք պիտի ցուցադրուին Փարիզի մէջ, խորհրդային նկարիչներու ցուցահանդէսի ընթացքին։
- Հայ գիտնականները Հայաստանի մէջ արտադրուած մոլիպտէնի միլիոնաւոր թոներով մնացուկները օգտագործելու կարելիութիւնը գտած են։ Անոնք կը կարծեն, թէ կարելի է արժէքաւոր շինանիւթեր պատրաստել այդ մնացուկներէն։ Հայաստանի հանքերու մետաղագործութեան հիմնարկին մասնագէտները մշակած են մասնաւոր թեքնիկ մը, որով կարելի է հրակայուն եւ ասիտներուն դիմադրող սալաքարեր, աղիւսներ եւ զտիչ յատկութիւն ունեցող սերամիքներ պատրաստել։ Ըստ իրենց, այս առարկաները լայն կիրարկութիւն պիտի գտնեն քիմիական արդիւնաբերութեան ու մետաղագործութեան, ինչպէս նաեւ շինարարութեան մէջ։ Մոլիպտէնի վերամշակման համար կը ծրագրուի նոր ձեռնարկութիւններ կառուցել Հայաստանի մէջ։