- Զանգեզուրի նախադուռը նկատուող Սիսիան քաղաքը փոքրիկ գիւղ մըն էր անցեալին։ Ռուսերու կողմէ գրաւման շրջանին 116 հոգի կþապրէր հոն։ Իր բանուկ դիրքին շնորհիւ, տարիներու ընթացքին, բնակչութիւնը թէեւ բազմացած է, սակայն, գիւղին նահապետական դիմագիծը անփոփոխ մնացած է։ Առաւելաբար հայ մարդուն ստեղծագործ ճիգին եւ աշխատանքին շնորհիւ, հետզհետէ խարխուլ եւ հողապատ հին տնակները, ծուռ ու մուռ փողոցները քանդուած  եւ անոնց տեղ շինուած են արդիական տուներ, դպրոցներ, ակումբներ ու փողոցներ։ Ներկայիս, 6500ի հասնող բնակչութիւն ունի Սիսիան, որ 1958էն ի վեր վերածուած է քաղաքատիպ աւանի։ Դպրոցներուն մէջ կþուսանին 2400 աշակերտ եւ ուսանողներ։ Սիսիան ունի հիւանդանոց, մշակոյթի տուն եւ հինգ գրադարան՝ 3800 ընթերցողներով ինչպէս նաեւ՝ պանիրի գործարան մը, եւայլն։ Սիսիան աւելի պիտի բարգաւաճի յառաջիկային, շնորհիւ Տաթեւգէսին՝ որ Որոտան գետին վրայ հաստատուած կարեւոր ջրելեկտրակայան մը պիտի ըլլայ։

- Ամերիկաբնակ սկովտիացի հայասէր եւ հայագէտ պրն. Ալպերթ Սքոթ, Նոր Տարուան եւ հայկական Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ հետեւեալ պատգամը ուղղած է հայ ժողովուրդին. «Հայութիւնը ունի 3000 տարուան ազգային պատմութիւն մը, եղած է առաջին քրիստոնեայ ազգը. իր գիտութեամբ ու մշակութային բոլոր ստորոգելիներով նպաստած է միջազգային քաղաքակրթութեան եւ եթէ չըլլային իր աշխարհագրական աննպաստ դիրքը եւ աշխարհի մեծերու շահադիտական ու քաղաքական անողոք ընթացքը, շատ իրաւամբ տէրը պիտի դառնայիք Ազատ Հայաստանի, արժանի՝ կոչուելու Ասիոյ Զուիցերիան։ Այսօր սակայն, շնորհիւ ձեր ցեղային տոկունութեան եւ իմացական բացառիկ կարողութեանց դարձեալ կը վերապրիք։ Հակառակ ասկէ 50 տարի առաջ թուրք մարդակեր հրէշին կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան, այսօր կրկին ոտքի կանգնած էք եւ առանց վարանումի եւ յուսալքումի կþուզէք տէր դառնալ ձեր իրաւունքին, որ կը կոչուի երկիր Հայաստան»։