- Քալիֆորնիոյ մէջ ժողովրդական միջազգային փառատօն մը տեղի ունեցաւ վերջերս՝ մասնակցութեամբ հայերու: Պետութիւններու այս փառատօնին առիթով միջազգային «գիւղ» մը կառուցուեցաւ բազմաթիւ տաղաւարներով: Ամէն երկրի աւանդական կերակուրներէն նմուշներ հրամցուեցան այցելուներուն: Հայերը «փաքլաւա», փիլիփեանցիք «փանզիթ», գերմանները
«շոքոլա», փորթուգալցիք գինի եւ շամփանիա հրամցուցին: Ամէն երկիր ներկայացուց նաեւ իր ժողովրդական պարերը: Մեծ յաջողութիւն գտան հայկական պարերը՝ իրենց գունագեղ տարազներով:
- Մօտ ատենէն, Հոլանտայի մէջ պիտի բացուի «Հնագիտութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ» ցուցահանդէսը։ Այս առթիւ, Հայաստանէն Հոլանտա պիտի ղրկուին բազմաթիւ հայկական հնութիւններ, ինչպէս՝ օրինակի համար, Կարմիր Բլուրի ուրարտական Թէյշեբաինի ամրոցի պեղումներու ժամանակ գտնուած եւ ոսկիի խառնուրդ ունեցող համաձուլուածքէ շինուած մետաղեայ երեք թասեր, որոնք ինչպէս կը վկայեն անոնց վրայ գտնուող սեպագիր արձանագրութիւնները, պատկանած են՝ Ուրարտուի թագաւորներուն։ Ուրարտական այս ամանեղէններուն հետ Հոլանտա պիտի ղրկուին նաեւ հարիւրի մօտ առարկաներ ¬ քարէ գործիքներ, որոնք կþօգտագործէին 700էն 800 հազար տարի առաջ, Արագածի լանջերուն բնակող մարդիկ՝ որ Խորհրդային Միութեան հողամասին վրայ ուրիշ ոչ մէկ տեղ գոյութիւն ունի, իւրօրինակ զոհասեղան՝ զետեղուած բաւական մեծ բուրանօթի վրայ, որուն մէջ կրակ կը վառէին ու կը պաշտէին մեր թուականէն առաջ, 14րդ դարուն։
- Ակադեմիայի երկրագործութեան ճիւղի գիտնականները աւարտած են «Հայաստանի հողերուն երկրաքիմիական յատկանիշը, խորագրով մենագրութիւնը։ Այս աշխատութեան արդիւնքները կարելիութիւն պիտի տան, որ հանքային պարարտանիւթերու անհրաժեշտ քանակը նշանակուի ճիշդ կերպով։