Կարգ մը գիտական հաստատութիւններ, Քոլոմպոսի կողմէ Ամերիկայի յայտնաբերման 500ամեակի նախօրեակին, հրատարակեցին քարտէս մը, որուն համաձայն, Ամերիկա գտնուած է նորվեկիացի վիքինկներու կողմէ: Այս յայտարարութիւնը եւ ցոյց տրուած փաստերը չունենալով որեւէ գիտական հիմք՝ հերքուեցան անմիջապէս: Վերջերս ճափոնցի գիտնականները յայտարարեցին, թէ Քոլոմպոսէն առաջ իրենք արդէն ճանչցած էին Նոր Աշխարհը: Անոնց այս պնդումը նոյնքան զուրկ է հիմնական տուեալներէ եւ անշուշտ պիտի հերքուի, որովհետեւ դեռ գոյութիւն չունի պատմական արժէք ներկայացնող փաստ մը, որ հաստատէ ճափոնցիներու վերջին պահուն ըրած յայտարարութիւնը: Քոլոմպոսն է այն միակ անձը, որ յայտնաբերեց Նոր Աշխարհը: Անոր այս գիւտէն ետք է, որ մարդկութիւնը ճանչցաւ մինչեւ 1493 անծանօթ մնացած ցեղերը, որոնք կþապրէին այդ երկրամասին վրայ: Քոլոմպոսի առաջին ճամբորդութեան ընթացքին յայտնաբերուեցան Պահամա կղզին, Քուպայի հիւսիսային ափը, Հայիթի կղզին, որ սկիզբը կոչուեցաւ Էսփանիոլա: Այդ կղզիին վրայ հիմնուեցաւ Նոր Աշխարհի առաջին քաղաքը, որ անուանուեցաւ Լա Նովիտատ (Ծնունդ): Վերադառնալով Սպանիա՝ Քոլոմպոս մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ Սպանիոյ Ֆերտինանտ թագաւորին եւ Իզապելա թագուհիին կողմէ: Հաւատացած ըլլալով, որ ալ գտնուած է Հնդկաստանի ճամբան, Քոլոմպոս իր շուրջ հաւաքեց ոսկի գտնելու տենդէն բռնուած արկածախնդիրներ եւ 1493ին հասաւ Փորթօ Ռիքօ, Սան Տոմինկօ եւ Կուատելուփ կղզիները: Այս վերջին կղզիին բնիկները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին եկուորներուն: Այդ պատճառով Քոլոմպոս զանոնք անուանեց մարդակեր, իսկ անոնց սկզբնական անունը Քարիպ էր: Հուժկու մարդիկ էին եւ իրենք իրենց աւելի սարսափելի տեսք մը տալու համար աչքերուն շուրջ կարմիր ներկ քսած էին: Մեծ մասը ջարդուեցաւ, իսկ ազատողներն ալ զոհ գացին հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու: Այս կղզիներուն մէջ սպանացիները չգտան ակնկալուած ոսկին, սակայն գտան շատ շահաւէտ գործ մը՝ ստրուկներու առեւտուրը: