- Սուրիոյ պետական պաշտօնաթերթը իր 20 Յունուար 1966ի թիւին մէջ (թիւ 3) կը հաղորդէ, որ Լաթաքիոյ նահանգին մէջ, կեդրոնը Լաթաքիան ըլլալով, կառավարական արտօնագիրով (26 Դեկտեմբեր 1965 թուականով եւ 837 թուակիր) կազմուած է Համազգայինի մշակութային միութեան մասնաճիւղ մը:
- Անցեալ Երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, քեմանչիստ Ռուբէն, դաշնակի ընկերակցութեամբ Շաքէ Մխիթարեանի, ժամ մը խանդավառեց երկսեռ աշակերտութիւնը: Յայտագրին մաս կը կազմէին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արմէն Տիգրանեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ իր գործերը: Յայտագրէն դուրս նուագեց նաեւ երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառին սիրած «Կիլիկիա» եւ «Տըլէ եաման» երգերը: Քեմանչիստ Ռուբէն վերջերս այցելեց «Սուրբ Յակոբ» եւ «Թէքէեան» վարժարանները, Պուրճ Համուտի ծերանոցը եւ կուրանոցը՝ խանդավառելով բոլորը:
- Յառաջիկայ տարիներուն միայն Սեւանայ լիճէն պիտի չհայթայթուի նշանաւոր իշխանաձուկը։ Մասնագէտներ ծրագրած են ձկնաբուծութեան կարեւոր կեդրոններ հաստատել նաեւ Ջերմուկի եւ Մանթաշի ջրաւազաններուն ու Սեւ ջուր գետին մէջ։
- Երեւանի Օփերայի երգիչ պարիթոն Ռոպերթ Բաբայեան երգած է 1600տարի առաջ, հայ գրերու հնարիչ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ գրուած երգեր։ Այդ երգերը Բաբայեանին տուած է Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի գիտաշխատող եւ արուեստագիտութեան թեկնածու Նիկողոս Թահմիզեան, որ յայտնած է, թէ այդ երգերը կը պատկանին Մաշտոցի գրչին։ Կորիւնի, Եղիշէի, Խորենացիի եւ ուրիշներու պատմութիւններուն մէջ կան տեղեկութիւններ, որոնք հիմ կուտան ենթադրելու՝ թէ հայ գրերու ստեղծիչը երաժշտութիւն ալ յօրինած է։ Մինչեւ 10րդ դար, Մաշտոցի երգերը կþենթադրուի, թէ հասած են աւանդաբար, սերունդէ սերունդ։ Իսկ 10րդ դարուն՝ ձայնագրուած են անոնք։