Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Ֆարուք Սուքան, քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ մինչեւ Ապրիլ 30 մէկ յոյն իսկ պիտի չմնայ Թուրքիոյ մէջ: Մօտ տասներկու հազար յոյներ ստիպուեցան Թուրքիայէն հեռանալ 1963 Դեկտեմբերէն ի վեր՝ իբրեւ անմիջական հետեւանք այն տագնապին, որ ստեղծուեցաւ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ, կիպրական հարցին առնչութեամբ: Թուրք

կառավարութիւնը Կիպրոսի մէջ իր անզօրութեան վրէժը լուծեց Թուրքիոյ եւ յատկապէս Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ յոյներէն, որոնք Լօզանի դաշնագիրին հիման վրայ եւ 1930ի պայմանագրութեամբ, Թուրքիա հաստատուելու եւ գործելու իրաւունք ստացած էին: Պոլսոյ յոյները կը կազմէին Օսմանեան նախկին մայրաքաղաքի ամէնէն գործունեայ եւ բարգաւաճ տարրը: Շնորհիւ իրենց ուշիմութեան եւ ձեռներէց ոգիին՝ մեծ նուաճումներ արձանագրած էին թէ՛ առեւտըրական եւ թէ՛ մշակութային գետնի վրայ: Թուրքիան, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, լաւ աչքով չէր դիտեր յոյներու այս ծաղկումը, մանաւանդ՝ բաղդատած այն անբաղձալի վիճակին, որուն մատնուած էր թուրք ժողովուրդը իր ծուլութեան եւ յետամնացութեան պատճառով: Առիթ մը պէտք էր անոնց թափը կասեցնելու համար: 1955 Սեպտեմբերին, մէկ գիշերուան մէջ թուրք խուժանը տասնամեակներու իր վրէժը լուծեց, յագուրդ տուաւ իր չար նախանձին՝ աւերելով յունապատկան եկեղեցիներ ու հաստատութիւններ, որոնք հրկիզուեցան եւ կողոպտուեցան: Տասը տարի առաջ պակաս մնացածը ներկայիս կþամբողջացուի պաշտօնական կերպով: Որովհետեւ յոյներու պատկանող կալուածներն ու ստացուածքները փոխադրելի չեն, ըստ արտաքսումի որոշումին: Ի՞նչ պիտի շահի Թուրքիան՝ ազգայնամոլ այս արարքով: Եթէ ճիշդ է, որ Պոլսոյ յոյները կը բարգաւաճէին, այդ բարգաւաճումէն առաջին օգտուողը կþըլլար Թուրքիան, չափով մը հատուցանելով թուրք ժողովուրդին անճարակութեան հետեւանքները: Մոլեռանդութեամբ առնուած քայլերը ե՞րբ վնաս չեն հասցուցած միթէ, որ այսօր չհասցնէին Անգարայի: Պիտի գայ օրը, երբ թուրք իշխանութիւնները պիտի  ափսոսան մեկնողներուն համար, բայց շատ ուշ պիտի ըլլայ: «Հիւրընկա՜լ» եւ «ասպնջակա՛ն» Թուրքիան վերջնականապէս կորսնցուցած պիտի ըլլայ օգտակար տարրի մը անգնահատելի նպաստը: