50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Մարաշի աղէտին 46րդ տարելիցին առիթով, Կիրակի՝ 6 Փետրուար 1966ին, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, պաշտօնական հոգեհանգիստ եւ պաշտամունք: Կէսօրին Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը հոգեճաշ մը տուաւ միութեան ակումբի սրահին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը՝ Խորէն Ա. կաթողիկոս, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ վեր. Յ. Ահարոնեան, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, պետական հայ երեսփոխաններ եւ մարաշցի երեւելի ազգայիններ: Վարչութեան քարտուղար պ. Նազարէթ Սեֆերեան գեղեցիկ ուղերձով մը անդրադարձաւ այն ահաւոր աղէտին, որուն զոհ գնաց Մարաշի հայ ժողովուրդը: Առաջին խօսքը տրուեցաւ պ. Անդրանիկ Ուրֆալեանին: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս շեշտեց, որ երեք հոգեւոր պետերու նախաձեռնութեամբ, առանց գաղափարական եւ դաւանական խտրութեան, համազգային ոգիով ոգեկոչեցինք մեր նահատակներուն յիսնամեակը: Ոգեկոչե՛նք նաեւ մեր փառահեղ արշալոյսները: Ջերմօրէն կը մաղթենք, որ իրենցմով սկսած գործը պտղաբերի եւ իրենք ըլլան օրհնողը մեր իտէալներուն իրագործման: Երկրորդ խօսքը տրուեցաւ պետական երեսփոխան Մ. Տէր-Գալուստեանի, որ իբրեւ Հայկական լեգէոնի սպայ ֆրանսական ուժերուն հետ մասնակից ըլլալով Մարաշի ծանօթ դէպքերուն՝ յուզիչ դրուագներ պատմեց Մարաշի եղեռնէն եւ ողբերգական նահանջի մասին: Պահ մը ետք խօսք տրուեցաւ վեր. Յ. Ահարոնեանի: Ապա խօսք տրուեցաւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքին: Վերջին խօսքը տրուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին: «Մեծ են այն ազգերը,- ըսաւ վեհափառը,- որոնք գիտեն յարգել ու ոգեկոչել իրենց նահատակներուն յիշատակը: Մեր ժողովուրդը երբեք չþանհետանար, երբ ունի սիրոյ, նուիրումի ու յարգանքի գիտակցութիւնը՝ հանդէպ իր նահատակներուն: Միշտ ոգեկոչենք անթառամ յիշատակը մեր սիրելի մեռելներուն: Արիանանք անոնց ազնիւ գաղափարներով, որոնց համար մեռան անոնք, որպէսզի մենք ծնինք ու ապրի հայութիւնը»: Հոգեճաշը վերջ գտաւ վեհափառ հօր աղօթքով: