- Հայաստանի նոր վարչապետ նշանակուած է Մ. Մուրատեան, յաջորդելով Անտոն Գոչինեանի, որ այդ պաշտօնը կը վարէր 1954 Փետրուար 13էն ի վեր։ Նոր վարչապետը՝ Մ. Մուրատեան, 50 տարեկան է եւ 7 տարիէ ի վեր կը վարէր Երեւանի շրջանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարի պաշտօնը։ Նախորդ վարչապետը՝ Անտոն Գոչինեան, նշանակուած է Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար, յաջորդելով Յակոբ Զարոբեանի, որուն նոր պաշտօնը յայտնի չէ։

- Երկու ամսուան համար, Յունուարի վերջերը, Երեւանէն Երուսաղէմ մեկնած են Երեւանի Մաշտոց Մատենադարանի տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից¬անդամ եւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահութեան անդամ Լեւոն Խաչիկեան եւ Մատենադարանի գիտական թարգմանութեան ճիւղի վարիչ՝ փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Սէն Արեւշատեան։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ պիտի ուսումնասիրեն ձեռագրատան արխիւներու նիւթերը, դասախօսութիւններ պիտի տան հայ բանասիրութեան, մատենագրութեան ու փիլիսոփայութեան շուրջ եւ հանդիպումներ պիտի ունենան Յորդանանի հայութեան հետ։ Նմանապէս պիտի այցելեն Սրբոց Թարգմանչաց ու Ժառանգաւորաց վարժարանները։

- Հայաստանի մէջ ստեղծուած է բարձրագոյն եւ երկրորդական մասնաւոր ուսման ազգային նախարարութիւն մը։ Ներկայիս, մօտաւորապէս 70.000 մարդիկ ուսում կը ստանան հանրապետութեան 11 հիմնարկներուն եւ 44 արհեստագիտական վարժարաններուն ¥թեքնիկումներ¤ մէջ։ Այս ուսումնարաններուն մէջ ուժեր կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ զարգացած արդիւնաբերութեան եւ երկրագործութեան բոլոր ճիւղերուն համար։ Այդ հաստատութիւններուն ամէնէն կարեւորը պետական համալսարանն է, իր 12 ֆաքիւլթէներով։

- Հայկական Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Պատմութեան Հիմնարկը տպագրութեան համար պատրաստել սկսած է Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան բազմահատորեակը, որուն նպատակն է ներկայացնել հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը։