Յիսնամեակն է Համաստեղի գրական գործունէութեան: Իր ծննդեան ալ եօթանասնամեակը: Այս բարեբաստիկ առիթով, վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կազմուեցաւ կեդրոնական յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է գնահատել ու պատուել հայ մշակոյթի մեծ վաստակաւոր մը՝ Համաստեղը, համահայկական ու միասնական յոբելեանով մը: Ո՛չ մէկ տարակոյս, որ ազգային ու մշակութային ամէն գործունէութիւն քաջալերելու կոչումը ունեցող ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼը ուրախութեա՛մբ պիտի լսէ այս աղուոր լուրը եւ առաջին առթիւ իսկ սիրով ու հպարտութեամբ պիտի հաղորդէ զայն իր ընթերցողներուն եւ իր շրջանի հասարակութեան: Նոյն ատեն պիտի ընէ ամէն ջանք, որ մշակութային այս ձեռնարկով շատե՛ր հետաքրքրէ, շատե՛ր ոգեւորէ: Մեր յոյսն է, պիտի ըլլայ նաեւ մեր ջանքը, որ այս շարժումը իր բարերար ազդեցութիւնն ունենայ հայկական շրջաններու մեր ուսանող բազմութիւններուն վրայ եւս՝ պատանի՛ թէ երիտասա՛րդ: Այս մասին մտածել ու անհրաժեշտ ջանքեր կատարել՝ անպայման կրնայ հայկականօրէն դաստիարակիչ ըլլալ մեր ուսանողներէն շատերուն, տեղ-տեղ հայախօս, քանի տեղեր ալ՝ ոչ հայախօս, հիւրընկալ երկրին լեզո՛ւն խօսող եւ այդ երկրին վարժարաննե՛րը յաճախող: Այս ազդեցութիւնը, եթէ նոյնիսկ՝ երբեմն ժամանակաւոր, հայ երիտասարդութեան համար կրնայ ըլլալ սթափեցուցիչ մը, որ մտածել տայ գոնէ ոմանց: Մանաւանդ երբ այս երիտասարդները տեսնեն, թէ ո՛րքան շատ մարդիկ իրենց սիրտն ու հոգին կը դնեն բոլորի՛ն խօսող ու բոլո՛րը ոգեւորող այս ձեռնարկին մէջ, ասոր նման այլ գործերու մէջ: Համաստեղի այս յոբելեանը թո՛ղ ըլլայ առիթ մը, որ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ձգտող առաջնորդներ աւելի՛ հետաքրքրեն մեր բազմութիւնները հա՛յ գրականութեամբ ու հա՛յ մշակոյթի բոլոր նուիրեալներով, ամէն տեղ, սկսած Հայաստանէն՝ մինչեւ փոքր ու հեռաւոր անկիւնները աշխարհի, ուր հայեր կ՛ապրի՛ն ու կը ստեղծագործե՛ն, ուր հայեր կը ջանան տոկա՛լ ու տեւե՛լ հայութեան ու Հայաստանի սիրոյն: Մեծ յոյս ունինք, որ Համաստեղի այս յոբելեանին առիթով ջերմ ու սրտագին պիտի ըլլայ արձագանգը նաե՛ւ Հայաստանի մէջ: