- 26 Յունուարի երեկոյեան Հալէպի Համազգայինի «Մարտիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական հարցամրցումի երեկոյ մը՝ կազմակերպութեամբ միութեան գեղարուեստի յանձնախումբին: Տեղւոյն վրայ կազմուեցան մրցորդ երկու խումբեր՝ բաղկացած չորսական հոգիներէ, որոնք պատասխան կու տային դատական մասնաւոր կազմի մը կողմէ իրենց ուղղուած երաժշտութեան վերաբերեալ հարցումներուն: Բաղդատաբար նուազ նիշ ստացողները կը զտուէին, մրցումէն դուրս կը մնային: Վերջաւորութեան մնացին տոքթ. Վահան Զօպեան եւ Զաւէն Սապունճեան. այս վերջինը, աւելի հմուտ երաժշտական ճիւղին, տարաւ յաղթանակը եւ իբրեւ նուէր ստացաւ արժէքաւոր երգապնակ մը, զոր նուիրեց Համազգայինի: Երկրորդ հանդիսացաւ տոքթ. Վ. Զօպեան: Այս նորաձեւ եւ օգտակար երեկոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց եւ արձանագրեց յաջողութիւն մը միութեան հաշուոյն:
- Մայրաքաղաք Երեւանի նոր թաղամասերէն է Նորքը։ Նորակառոյց շէնքերուն մէջ, մէկ քանի ամսուան ընթացքին բնակութիւն հաստատած են 15 հազար քաղաքացիներ։ Կարճ ժամանակուան ընթացքին, Նորքի բնակչութեան թիւը 65 հազարի պիտի հասնի։