Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շէյքսփիրի հայերէն երկերը, անոնց բեմադրութիւնները հայ բեմերու վրայ, դարձած են հայ մշակոյթին բաղկացուցիչ մասը։ Շէյքսփիրի գործերուն Մասեհեանի թարգմանութիւնները հայ նոր գրական լեզուին շողշողուն գոհարներէն են, իսկ Պետրոս Ադամեանի, Սիրանոյշի, Յովհ. Աբելեանի, Վահրամ Փափազեանի, Արուս Ոսկանեանի, Հրաչեայ Ներսիսեանի դերակատարումները անգլիացի հանճարեղ թատերագիրին ներկայացումներուն մէջ, հայ թատրոնի պատմութեան ամէնէն փառապանծ էջերէն են։ Եւ զարմանլի չէ, որ այսօր Հայաստանի մէջ հիմնուած է շէյքսփիրեան

գրադարան մը։ Նախաձեռնողն է շէյքսփիրագէտ Ռուբէն Զարեան։ Նորաստեղծ գրադարանին մէջ արդէն հաւաքուած են անգլիացի թատերագրին գործերուն կարգ մը հրատարակութիւնները՝ անգլերէն եւ այլ լեզուներով՝ գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, չեխերէն, ուքրաներէն, շուէտերէն, լիթուաներէն, լատվիերէն, վրացերէն, պելոռուսերէն, արաբերէն։ Սակայն գրադարանին հիմնական նպատակն է ստեղծել Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւններու հայկական թարգմանութիւններուն ամբողջական հաւաքածոն։ Ըստ ծրագրի, պէտք է հաւաքուին շէյքսփիրեան երկերուն բոլոր հայերէն հրատարակութիւնները եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, հայ թարգմանիչներուն ձեռագիրները։ Գրադարանի շէյքսփիրագիտական մասը ներկայացուած պիտի ըլլայ բոլոր լեզուներու պատկանող աշխատութիւններով։ Թէեւ հայերէն լոյս տեսած աշխատութիւնները շատ չեն եւ մեծ մասամբ ցրուած են մամուլի էջերուն մէջ, այսուհանդերձ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի ամբողջացուին։ Գրադարանը պիտի ունենայ նաեւ շէյքսփիրեան նիւթերու վրայ գրուած երաժշտական ստեղծագործութիւններու նոթաները, շէյքսփիրեան դերեր ստանձնած կարեւոր դերասաններու լուսանկարներ, եւայլն։ Կասկած չկայ, որ արտասահմանի հայերը խանդավառութեամբ պիտի ողջունեն նոր սկսած այս գործը։ Գրադարանը ամէնէն աւելի պէտք ունի Սփիւռքի հայերու օժանդակութեան։ Արդարեւ, շէյքսփիրեան երկերու բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ անգլիացի թատերագիրին մասին գրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կարելի է գտնել արտասահմանի մէջ։