50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Թուրք լրագրող մը՝ Արիֆ Տեմիրէր, վերջերս այցելած է Հայաստան։ Վերադարձին, թուրք լրագրողը իր ճամբորդական տպաւորութիւնները հրատարակած է «Տիւնիա» թերթին մէջ, որուն աշխատակիցն է։ Կուտանք մաս մը այդ տպաւորութիւններէն, ուր ծածկուած կը մնայ թուրքին կեղծաւորութիւնը՝ դժբախտ պատահարներու շահագործման մէջ։ ¬ «Մեծ զոհողութիւններով ու տարապայման աշխատանքով, հայերը կարողացան փոքրիկ Երեւան աւանը վերածել մեծ եւ արդիական քաղաքի մը եւ սակայն, տեղացի հայերը նորէն ալ կը շարունակեն տակաւին «նորեկներ» կոչել 1946-48ին ներգաղթողները, որոնք իրենց անուրանալի բաժինն ու մասնակցութիւնը ունեցած են վերականգնումի այդ աշխատանքին մէջ։ Ներգաղթողները զանազան առիթներով յոռի վերաբերումի կþարժանանան տեղաբնակ իրենց ցեղակեցներուն կողմէ եւ այլազան դժուարութիւններու կը բախին, ամէն անգամ որ գործ ունենան անոնց հետ։ Ասոր ալ պատճառը այն է եղեր, որ «Նորեկները» իբրեւ թէ իրենցմէ նուազ ընկերվարական են եղեր եւ վերջապէս նախկին կապիտալիստներ... «Նորեր»ը, Խորհրդային Միութեան շատ հետաքրքրական մէկ դասակարգն ու խմբաւորումը կը կազմեն։ Անոնք տակաւին չեն մոռցած արեւմտեան աշխարհի կենցաղն ու բարքերը։ Անոնցմէ շատեր տակաւին բազմաթիւ ազգականական կապեր կը պահեն Պոլսոյ, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու հայերուն հետ։ Ասոնք, առհասարակ, իրենք զիրենք կը նկատեն ամէն տեսակէտով խաբուած, խաղի բերուածներ։ Տակաւին, առաջին իսկ օրէն սկսած էին մարդ փախցնել դէպի Թուրքիա։ Եւ սակայն, շահագրգռուողներու կատարած միջոցառումներուն շնորհիւ, առաջքը առնուած էր նաեւ ատոր եւ բազմաթիւ մարդիկ իրենց կեանքը վրայ տուած էին փշաթելերու առջեւ, փախուստի ճամբուն վրայ։ Անոնք, շատ տխուր եւ ողբերգական յիշատակներ ունին այդ կարգի դէպքերու վերաբերեալ։ Եւ սակայն, հակառակ այս բոլորին, նորէն ալ ոչինչ կորսընցուցած են իրենց զուարթութենէն եւ կեանքի փիլիսոփայութենէն։ Այնպէս որ վարչակարգի եւ ռուսերու մասին լաւագոյն եւ ամէնագեղեցիկ մանրավէպերն ու սրամտութիւններն ալ դարձեալ այդ «նորեկ»ներն են։