- Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանը, վերջերս, Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի տնօրէնութենէն ստացած է լուսապատճէնը 1871-1872ին Պոլիս հրատարակուող «Եփրատ» շաբաթաթերթին։ Լուսապատճէնը կþընդգրկէ շաբաթաթերթին 16 համարները, խմբագրուած՝ Յակոբ Պարոնեանի կողմէ։ Այդ թիւերուն մէջ կը գտնուին մեծանուն երգիծաբանին գրչին պատկանող տասնեակ մը քրոնիկներ, գրախօսականներ եւ յօդուածներ, որոնք դուրս մնացած են գրագէտին մինչեւ հիմա հրատարակուած հաւաքածոներէն։

- Հարաւային Ռուսիա բնակող հայերը հանդիսաւորպէս նշած են Կարսնի Խրիմ գիւղի հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը։ Անոնց նախահայրերը, Խրիմի Խանին հալածանքներէն խոյս տալու համար, 1779ին հաստատուած են Սեւ Ծովու եզերքները։ Հայկական եօթը գիւղեր հիմնած են հոն։ Բայց, 1925ին, այդ գիւղերուն բնակիչները հիմնած են նոր գիւղ մը՝ Կարսնի Խրիմը։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, գիւղը վերակառուցուած է։ Անոր լայն փողոցներուն երկու եզերքներուն վրայ շինուած են աղիւսէ գեղեցիկ տուներ՝ հերձաքարէ տանիքներով։ Իւրաքանչիւր տուն իր մօտ ունի պտղաստան մը կամ այգեստան մը։ Հազուագիւտ են պատկերասփիւռի կամ ձայնասփիւռի անթէն չունեցող տուները։ Գիւղին կեդրոնը կը գտնուի ութնամեայ դպրոցը, մանկապարտէզ մը, մանկամսուրներ, հիւանդատուն մը եւ վաճառատուն մը։ Կոլտնտեսութեան նոր ակումբը 250 աթոռնոց հանդիսասրահ մը ունի, ինչպէս նաեւ գրադարան մը եւ այլ սրահներ, ուր կը հաւաքուին երաժշտասէրներն ու սիրող դերասանները։

- Պուլկարիոյ եւ Պոլսոյ մէջ շարք մը փայլուն երգահանդէսներ տալէ ետք Երեւան վերադարձած եւ Յունուար 18ին, Օփերայի դահլիճին մէջ ալ յաջող երգահանդէս մը տուած է տաղանդաւոր երգչուհի Գոհար Գասպարեան։ Յայտագիրը բաղկացած է օտար դասական եւ հայկական երգերէ։