Անգլիացի մեծանուն հայասէր Հարոլտ Պաքսթըն եպիսկոպոս ամբողջ կեանքը նուիրում մը եղած է մարդկութեան բարիքին։ Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւորական, հովուական, հասարակական ու կրթական պաշտօններ վարած է Անգլիոյ, Կիպրոսի, Ճիպրալթարի եւ Անդրկովկասի մէջ: 1913ին, Թուրքիոյ վարած հակահայ քաղաքականութեան շուրջ առարկայական տուեալներ ձեռք

բերելու համար, Հարոլտ Պաքսթըն Անգլիոյ խորհրդարանի անդամ իր եղբօր հետ Հայաստան կþայցելէ: 1914ին Պաքսթըն եղբայրները կը հրատարակեն «Ճամբորդութիւն եւ քաղաքականութիւն Հայաստանի մէջ» անգլերէն գիրքը, ուր կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդէն իրենց ստացած դրական, իսկ թուրքերէն եւ քիւրտերէն ստացած բացասական տպաւորութիւնները: Պաքսթըն եղբայրները գրքոյկներով անգլիացի ժողովուրդին կը ծանօթացնեն հայկական գաւառներու մէջ կատարուող անմարդկային արարքները եւ ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի անգլիական խորհրդարանի միջոցով ճնշում բանեցուի թրքական կառավարութեան վրայ եւ իրագործուին խոստացուած բարենորոգումները: Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն, Լոնտոնի քաղաքապետի նախագահութեամբ, կը հիմնուի «Լոնտոնի լորտ քաղաքապետի ֆոնտ՝ հայ գաղթականներուն համար» կազմակերպութիւնը, որ կը յաջողի մօտ կէս միլիոն անգլիական թղթոսկի գոյացնել: Հարոլտ Պաքսթըն, իբրեւ պետը «Լորտ քաղաքապետի ֆոնտ»ին, 1915ին կþերթայ Արեւելեան Հայաստան: Իր ջանքերով Էրզրումի մէջ կը հիմնուի հիւանդանոց մը, իսկ Երեւանի մէջ՝ գաղթականներու տուն մը: Հայաստանի մէջ Հարոլտ Պաքսթըն արժանացած է հայ ժողովուրդի անվերապահ յարգանքին: Մեր յեղափոխական գործիչներէն Մուրատ Վանէն Հարոլտ Պաքսթընի գրած իր 14 Յունիս 1916 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ, ի մէջ այլոց.- «Աւելորդ է խօսիլ ձեր մարդասիրական զգացմանց մասին՝ մասնաւորապէս դէպի հայերը: Համաշխարհային այս ահեղ պատերազմի մէջ, որուն մասնակից է ձեր հայրենիքը եւս, դուք եկած էք սփոփելու մեզ՝ հայ ժողովուրդի մնացորդներս եւ սրբելու անտէր որբերու արցունքը: Ձեր այդ վարմունքը այսպիսի րոպէի մը մէջ՝ մեր ամենամեծ մխիթարութիւնն է»: