- Շաբաթ՝ 22 Յունուարին տեղի ունեցաւ «Բագին»ի Ե. զրոյցը, խմբագրատան սրահին մէջ: Նիւթն էր՝ «Իոնեսքոյի մտածումները թատրոնի մասին»: Զեկուցաբեր՝ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան: Զեկուցաբերը նախ ծանօթութիւններ տուաւ Իոնեսքոյի կեանքին, գրական նախափորձերուն եւ թատերական գրականութեան նուիրուելու անոր պատճառներուն մասին եւ, բուն նիւթին անցնելէ առաջ, ներկայացուց անոր գործերէն երկուքին՝ «Ճաղատ երգչուհին» եւ «Աթոռները» թատերախաղերուն բովանդակութիւնը եւ ընդգծեց յառաջապահ թատերագրին ձգտումը, սովորական գործողութիւններու ու խօսակցութիւններու մէջ դրած բուն մտածումը: Այս ծանօթութիւններէն ետք տոքթ. Փափազեան ծանրացաւ Էօժէն Իոնեսքոյի մտածումներուն վրայ՝ հիմնուելով անոր դասախօսութիւնները, վէճերը, վերլուծումներն ու հաստատումները ամփոփող «Նոթ է քոնթրնոթ» հատորին վրայ: Աշխարհի բոլոր յառաջադէմ երկիրներու թատրոններ մուտք գործած ու համաշխարհային համբաւի տիրացած թատերագրին մտածումներէն մէջբերումներ ընելէ եւ զանոնք մեկնաբանելէ ետք, զեկուցաբերը առաւելաբար շեշտը դրաւ թատերագիրին նոր լեզու մը ստեղծելու, մարդկութեան նոր պատգամ մը տալու անոր առաջատար ձգտումին վրայ: Ընդարձակ եւ մեծապէս շահեկան այս զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակութիւն: Խօսուեցաւ Էօժէն Իոնեսքոյի գրականութեան բանաստեղծական եւ ոչ-բանաստեղծական կողմերուն մասին: Ուրիշ թատերագիրներէ զինք անջատող մասնայատկութիւններու եւ առհասարակ առաջապահ թատրոնին մասին: Համաձայն յայտարարութեան, գրական այս զրոյցները տեղի պիտի ունենան 15 օրը անգամ մը, շաբաթ օրերը, «Բագին»ի խմբագրատան սրահին մէջ:

- Շաբաթ՝ 10 Յունուար 1966ին Դամասկոսի «Ռեսթորան Սիւիս»ի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի աւանդական խրախճանքը Ամանորի առիթով, որ եղաւ կատարեալ յաջողութիւն մը: Փոխնիփոխ տեղի ունեցան երգեր, խմբերգներ, արտասանութիւններ, հաճելի պատմութիւններ: