- Հնդկաստանի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պասիլիոս-Եւգինիոս կաթողիկոսէն Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետ նորին սրբութիւն Խորէն Ա. կաթողիկոսին ուղղուած հրաւէրին ի պատասխան, 23 Դեկտեմբեր 1965ին օդի ճամբով Քոթայամ մեկնեցաւ դպրեվանքիս տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան՝ իբրեւ վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը մասնակցելու համար
Հնդիկ-Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Քոթայամի դպրեվանքի հիմնադրութեան 150ամեակի յոբելինական հանդիսութեանց: Գարեգին սրբազան իրեն հետ կը տանէր վեհափառ հայրապետէն պատգամ մը՝ ուղղուած Նորին Սրբութեան եւ իր հաւատացեալ ժողովրդեան, որ կարդացուեցաւ բացման յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին: Երկու առիթներով, Երիտասարդաց համաժողովին եւ Եկեղեցականներու համագումարին, սրբազանը տուաւ զոյգ դասախօսութիւններ՝ «Երիտասարդութիւն եւ եկեղեցի» եւ «Աստուածաբանական ուսմունքները եւ եկեղեցւոյ վերազարթօնքը» նիւթերուն շուրջ: Հանդիսութեանց ընթացքին Կիլիկեան Ս. Աթոռին եւ վեհափառ հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները անգամ մը եւս ներկայացնելէ ետք, Պասիլիոս կաթողիկոսին յանձնեց վեհափառ հայրապետին նուէրը՝ Ճեզզինի ձեռարուեստի սեղանի կազմած մը: Սրբազանը՝ ի նշան եղբայրական սիրոյ եւ շնորհակալութեան, Պասիլիոս կաթողիկոս վեհափառ հայրապետին նուիրուած արծաթեայ բուրվառ մը յանձնեց անոր:
- Հնդկաստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ, 4-12 Յունուար 1966, Գարեգին եպս. Սարգիսեան Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու Ատիս Ապեպայի համագումարէն բխած մնայուն գործադիր յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Սոյն խորհրդակցութեանց երկուական ներկայացուցիչներով կը մասնակցէին Եթովպիոյ, ասորի, ղպտի եւ հնդիկ ուղղափառ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Յունուար 7ին, իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ ներկայացուցիչ, Հալէպէն Գահիրէ մեկնեցաւ նաեւ Մեսրոպ Վրդ. Աշճեան: Ժողովը զբաղեցաւ Ատիս Ապեպայի անցեալ տարուան համագումարի որոշումներուն գործադրութեան միջոցներ գտնելու հարցով: