- Մեծանուն բարերար Պէզճեան Յարութիւն Ամիրայ ծովեզերեայ տուն մը ունէր Ենիգափուի բանջարեղէնի պարտէզներուն մէջ։ Հնօրեայ եւ փայտաշէն այդ տունը մինչեւ 1959 թուականը կանգուն էր։ Անկէ ետք, իսթիմլաքի ենթարկուած էր։ Ամիրան, իր կեանքը անցուցած էր այդ տան մէջ, մինչեւ իր մահը, 1834։ Այդ տան փլատակներուն տակէն հանուած էր մարմարեայ ու խիստ ճաշակաւոր կերպով կոփուած սպիտակ քարերով փոքր աւազան մը, որը փոխադրուած է Մայր Եկեղեցւոյ բակը։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Հնդկաստանի Հայկական Ընկերութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, զոր հնդկական կառավարութիւնը ճանչցած է իբրեւ Հնդկահայոց ազգային շահերը պաշտպանելու իրաւազօր մարմին։ Ընկերութեան քարտուղար պ. Ե. Մարթինի տարեկան տեղեկագրէն երեւան կուգայ՝ որ անցած մէկ տարուան ընթացքին, կազմակերպութիւնը իրագործած է շարք մը ազգօգուտ ձեռնարկներ։ Ան նորոգել տուած է Մատրասի ազգային կալուածներէն կարեւորագոյնները, պատրաստել տուած է մեծ բարերար Շահմիր Սուլթանի մեծադիր իւղաներկ նկարը, պատշաճ դամբանաքար մը զետեղած է հայերէն առաջին թերթի հրատարակիչ Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի շիրիմին վրայ։ Ընկերութիւնը ծրագրած է Մատրասի ազգային հողին վրայ կառուցանել բազմայարկ շէնք մը, որուն եկամուտը պիտի գործածուի ազգօգուտ այլ ձեռնարկներու։ Հայկական Ընկերութիւնը յաջողած է կորուստէ փըրկել Տելհիի Հայոց մատուռն ու զերեզմանատունը եւ դատարանի որոշումով գերեզմանատան մուտքի ճակտին դրած է «Հայկական գերեզմանատուն» ցուցատախտակ մը։ Ընկերութիւնը սերտ կապեր հաստատած է նաեւ Տելհիի պարսկական դեսպանատան հետ, նկատի ունենալով որ Հնդկահայերէն շատեր կը պահեն տակաւին իրենց հին հպատակութիւնը... Կազմակերպութեան միջամտութեամբ Պարսկաստանի հետ կապ ունեցող կարգ մը կենսական խնդիրներ նպաստաւոր լուծում գտած են։ Ընկերութեան գործադիր մարմինը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ հայկական հարցերու կապակցութեամբ։