- Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան պաշտօնաթերթը՝ «Ժողովրդային օրաթերթը», իր վերջին թիւով հրատարակած է առաջնորդող յօդուած մը, որով կրկին յարձակում կը գործէ Քրեմլինի ղեկավարներուն դէմ, որոնց կþամբաստանէ՝ ըսելով, թէ 1957ին եւ 1960ին Մոսկուայի մէջ ճշդորոշուած յեղափոխական սկզբունքներուն դէմ դաւաճանեցին։ «Ժողովրդային Օրաթերթը» կþըսէ, թէ 1957ին եւ 1960ին սովիէթական մայրաքաղաքին մէջ յեղափոխական ուղղութիւն մը որդեգրուեցաւ։ Այսուհանդերձ, խրուշչեւեան վերաքննականները «հաշտ համակեցութիւն» անունով հակայեղափոխական ուղղութեան մը կը հետեւին։ «Այս մարդիկը,- կþըսէ չինական պաշտօնաթերթը, յեղափոխութիւն չեն ուզեր եւ ուրիշներուն ալ թոյլ չեն տար որ ընեն։ Այն ատեն որոշուած էր, որ ամերիկեան իմփերիալիզմը հասարակաց թշնամի է եւ աշխարհ պէտք է միացեալ ճակատ կազմէ անոր դէմ։ Սակայն, խրուշչեւեան վերաքննականները անոր հետ կը միանան աշխարհի ժողովուրդներուն դէմ եւ համաշխարհային տիրապետութեան ռուսեւամերիկեան գործակցութեան քաղաքականութիւնը կը գործադրեն։ Այն ատեն որոշուած էր, որ ընկերվարական երկիրները պէտք է պրոլետարիատի բռնատիրութիւնը պահպանեն ու յեղափոխութիւնը եւ ընկերվարութեան կառուցումը իրագործեն։ Այսուհանդերձ, վերաքննականները երեւան հանեցին «ամբողջ ժողովուրդի պետութիւն» եւ «ամբողջ ժողովուրդի կուսակցութիւն» յօրինուածքը եւ Խորհրդային Միութեան մէջ ջնջեցին պրոլետարիատի բռնատիրութիւնը եւ վերջապէս վերցուցին Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան յառաջապահի բնոյթը։ Վերջապէս, Խորհրդային Միութեան մէջ առանձնաշնորհեալ քաղքենի դասակարգ ստեղծեցին՝ դէպի դրամատիրութիւն վերադարձը իրագործելու համար։

- Իտալական Հանրապետութեան նախագահ պրն. Սարակաթ, վարչապետ պրն. Մորոյէն խնդրեց առժամաբար ստանձնել արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները, մինչեւ պրն. Ֆանֆանիի տեղ նորի մը նշանակումը։ Կը կարծուի, թէ այս քայլը մօտ ատենէն նոր տագնապ պիտի ստեղծէ կառավարութեան մէջ։