- Կիպրոսի համար, Աթէնքի եւ Անգարայի մէջ ցոյցեր կազմակերպեցին ուսանողներ։ Անգարայի ցոյցի ընթացքին խօսած է կիպրացի թուրքերու ղեկավար Ռաուֆ Տեքթաշ, որ ըսած է, թէ Թուրքիա պէտք է 15.000 զինուոր ղրկէ Կիպրոս, ուժերու հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար կղզիին մէջ։ Ազգային Ուսանողական Միութեան նախագահը քննադատած է
կառավարութեան քաղաքականութիւնը եւ ըսած՝ թէ «երբեք պիտի չլքենք Կիպրոսը»։
- Պէյրութէն հայ մը գնաց Ամերիկա։ Ծրագրեց բանալ հայ երկրորդական վարժարան մը։ Վերադարձաւ Պէյրութ՝ հանգանակութեան համար։ Յետոյ հանգանակութիւնը շարունակեց Ամերիկայի մէջ։ Ի վերջոյ վարժարանը բացուեցաւ Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին մէջ։ Ասիկա խթան մը եղաւ, որ Ամերիկայի Հայ Կրթ. Հիմնարկութիւնը իր կարգին բանայ ուրիշ վարժարան մը նոյն հսկայ քաղաքին մէկ ուրիշ թաղամասին մէջ։ Ուշ սկսան, բայց լաւ սկսան։ Ամերիկայի մէջ ծանօթ դէմք մը, Ֆերահեան, իր ամբողջ հարըստութիւնը նուիրած էր երկրորդական վարժարանի մը հիմնարկութեան, ու կտակը յանձնած էր ծանօթ բարերար Արշակ Տիգրանեանի։ Այս գումարը, շնորհիւ բերած տոկոսին, բարձրացած էր 250.000 տոլարի ¥7 ու կէս միլիոն տրխ.¤, զոր, այլ նուիրատուութեանց հետ, Արշակ Տիգրանեան յանձնած է Ամերիկայի հայութեան Կիլիկեան թեմի Առաջնորդին, մասնաւոր հանդիսութեան մը ընթացքին, ի սպաս «Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան» վարժարանին։
- Հնդկական դէմք մը յայտարարեց, թէ Համայնավար Չինաստան մեծ քանակութեամբ զէնք կը ղրկէ Փաքիստան ու մինչեւ հիմա միջակ թնդանօթներով զինած է ամբողջ զօրաբաժին մը։ Նաեւ յայտնեց՝ թէ Սինքիանի օդանաւային խարիսխին պատկանող սաւառնակներ ամէն օր զէնք կը նետեն Արեւմտեան Փաքիստան։ Ուրիշ տեղեկութեանց համաձայն՝ Համայնավար Չինաստան վերջերս 67ուկէս միլիոն տոլարի փոխատուութիւն ըրած է Փաքիստանի, որպէսզի զէնքեր գնէ եւ հին զէնքերը փոխէ։