Արփինէ Փեհլիւանեան փայլուն յաջողութիւն ունեցաւ Հայաստանի մէջ։ Խանդավառ վերադարձ մը եղաւ իրը հայրենի աշխարհէն, ուր գացած էր իբրեւ զբօսաշրջիկ, բայց մնաց իբրեւ հիւր եւ սիրուեցաւ արուեստի բոլոր շրջանակներէն ու մանաւանդ՝ ժողովուրդէն: Արփինէ Փեհլիւանեան պատուով դուրս եկաւ այն  դժուարին փորձութենէն, որ Թումանեանի եւ Տիգրանեանի երկրին մէջ անոնց անմոռանալի հերոսուհին՝ «Անուշ»ը բեմերու վրայ ապրեցնելն է: Ինչ որ այսօր կþըսեն Հայաստանի արուեստի ներկայացուցիչները, հաստատումն է այն յոյսերուն, որ ունէինք այս հայուհիին մասին: Անոնց խօսքին թւումը լաւագոյնն է գնահատականներուն, որուն արժանի է Արփինէ, հայ երգի համեստ սպասարկուն: Յովհաննէս Թումանեանի աղջիկը՝ Թամարա Թումանեան, «Անուշ»ը տեսնելէ ետք կþըսէ.- «Արփինէ Փեհլիւանեանի «Անուշ»ը տարիքով, մարմնով, իսկական ամօթխած Անուշն էր ե՛ւ գեղեցիկ ձայնով, ե՛ւ իր անմիջական կատարմամբ, ինչ որ հարկաւոր է իսկական Անուշի համար»: Իսկ Երեւանի ֆիլհարմոնիայի տնօրէն Վլատիլեն Պալեան կþըսէ.- «Երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեան ե՛ւ լաւ միտք ունի, ե՛ւ լաւ հոգի»: Կարճ ու պարզ, բայց որքա՜ն յատկանշական այս արտայայտութիւնը մարդու մը կողմէ, որուն երաժըշտական ծանօթութիւնները կշիռ կու տան իր խօսքին: Ցիցիլիա Բրուտեան, որուն կարծիքը վճիռ դարձած է Հայաստանի արուեստագէտներուն համար, Արփինէին յատկացուած յօդուածի մը մէջ ի միջի այլոց կը գրէ.- «Սրտագրաւ, ճկուն, բազմերանգ, կատարողական վարպետութեամբ եւ զգայուն սրտով, Փեհլիւանեան կենդանութիւն էր ներշնչում: Արփինէի երգարուեստին մէջ ամէնէն ինքնատիպն ու արժէքաւորը նրա յստակ եւ հնչուն երգային գծին միաձուլումն է նրա պարզ եւ արտայայտիչ արտասանութիւնը»: Ահաւասիկ սակայն Գոհար Գասպարեան (միւս Անուշը, ան, որ թագուհիի պէս կþիշխէ հայ երգարուեստին վրայ) Գոհար Գասպարեան, որուն շատ բան կը պարտի Արփինէ Հայաստանի մէջ գտած յաջողութիւններուն համար, կþըսէ.- «Արփինէի ամէնէն մեծ յատկանիշը չափազանց երաժշտական լինելն է: Անուշի դերերգը այնպիսի արագութեամբ եւ ճշդութեամբ է իւրացնում, որ միայն նախանձել կարելի է: Գեղեցիկ ձայն ունի, բեմական է: Մեծ բեմերի արժանի երգչուհի է»: