- Ջութակահար փրոֆ. Արսէն Մոմճեանի նախաձեռնութեամբ՝ Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ 1961ին կազմուած է Արամ Խաչատուրեան նուագախումբը՝ որ տարիներէ ի վեր փայլ կուտայ գաղութին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հանդէսներուն։ Նուագախումբին հիմնական նպատակն է՝ հայկական երգի, նուագի եւ պարի պահպանումն ու տարածումը, Ուրուկուէյի մէջ ինչպէս նաեւ՝ հայ երիտասարդութեան մէջ հայ արուեստի հանդէպ սիրոյ եւ հետաքրքրութեան արծարծումը։ Արամ Խաչատուրեան նուագախումբը անխտրական ոգիով ցարդ ընդառաջ գացած է իրեն եղած բոլոր դիմումներուն՝ առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան։ Տարբեր հոսանքներէ կազմուած նուագախումբի անդամները կը գործեն համերաշխ եւ ընկերական մթնոլորտի մէջ։ Կանոնաւոր փորձեր կը կատարեն եւ իրենց անձնական զոհողութիւններով կը հոգան ծախքերը։ Բայց ձայնասփիւռին եւ հանդէսներուն բերած իր մասնակցութենէն, Արամ Խաչատուրեան նուագախումբը տարին անգամ մը կը կազմակերպէ իր հանդէսը՝ ի նպաստ Մոնթեվիտէոյի հայկական վարժարաններուն։
- Պէյրութի մէջ, վերջերս, արաբերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւններուն հատընտիր։ Թարգմանութիւնը կատարած են՝ գրող Ռաիֆ Խուրի եւ բանաստեղծ տքթ. Միշէլ Սլէյման, լիբանանահայ արձակագիր Արմէն Դարեանի աջակցութեամբ։ Նկարազարդ այս գիրքը բաղկացած է 98 էջերէ։ Յառաջաբանը գրած է լիբանանցի մեծ բանաստեղծ Սայիտ Ագըլ , իսկ վերջաբանը՝ փրոֆ. Մորուս Հասրաթեան։