- Հայկական գորգերու արտադրութիւնը 1966ին պիտի հասնի 25 հազար քառակուսի մեթրի։ Ասոր կարեւոր մէկ մասը պիտի արտածուի։ Ազգային ճոխ զարդարանք ունեցող «Երեւան», «Ղազախ», «Ղարաբաղ», «Լոռի», «Շիրվան» եւ այլ գորգեր՝ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն արտասահմանի մէջ։ Հայ արհեստագէտներու արտադրութիւնը յատկապէս գնահատուած է այս տարի, ներկայացուելով տասը միջազգային տօնավաճառներու եւ ցուցահանդէսներու մէջ։ «Հայ գորգը», որ 14 ձեռնարկութիւններ կը ներկայացնէ, անցեալ տարի 15 հազար քառակուսի մեթր զորգ արտածած է։

- Փրոֆ. Գարեգին Պետրոսեան Պատմագիտութեան Միջազգային Ակադեմիայի թղթակից¬անդամ ընտրուած է։ Փրոֆեսորը հռչակաւոր դարձած է Հայաստանի մէջ բնական գիտութիւններու զարգացման մասին իր հրատարակած գործերով։ Ան հեղինակն է «Մաթեմաթիկը Հայաստանի մէջ, հին ժամանակներում ու միջնադարում» մենագրութեան։ Փրոֆ. Գ. Պետրոսեան իր աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ տուած է Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած համագումարներու եւ խորհրդաժողովներու ընթացքին։

- Հայաստանի մէջ, վերջերս գործածութեան դրուած են շողարձակաբանութեան կեդրոն մը եւ սրտի ռոմաթիզմի դարմանատուն մը։ Նախազգուշական միջոցառումներ կիրարկելու համար կատարուած հետազօտութիւններէ զատ, հայ սրտագէտները սկսած են քննել Երեւանի բոլոր բնակիչներուն սրտանօթային սիսթեմները։ Մինչեւ այսօր, տասը հազար քաղաքացիներ քննութեան ենթարկուած են։

- Թեհրանաբնակ հայրենակից մը, Հայկ Յարութիւնեան, Երեւան ղրկած է լուցկիի վեց հազար հատիկներով շինուած սքանչելի ջութակ մը։