- Արեւելեան Գերմանիոյ Ակադեմիայի Յունահռոմէական պատմութեան ուսումնարանը՝ Հայաստանի Պատմական Թանգարանէն խնդրած է, որ Արին Բերդի պեղումներու ընթացքին գտնուած հին դրամներու մասին տեղեկութիւններ տրուին իրեն։ Փոքր Ասիոյ արծաթեայ այս դրամները կը փաստեն, որ առեւտրական կապեր գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի ու Միջերկրականի ծովեզերեայ քաղաքներու միջեւ։ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու դրամագիտական ճիւղի վարիչ Խ. Մուշեղեան գոհացում տուած է գերմանական ուսումնարանի խնդրանքին։ Ասկէ զատ, Անգլիոյ Օքսֆորտ Համալսարանի դասախօսներէն Թիչըրզ, որ կþուսումնասիրէ Սելճուկներու Փոքր Ասիա արշաւանքի պատմութիւնը, Հայաստանի գիտուններէն խնդրած է, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող տեղեկութիւններ տան իրեն։ Անգլիացի գիտունին ղրկուած է Խ. Մուշեղեանի «Դրամական շրջանառութիւնը Դուինի մէջ» գիրքը, որ հրատարակուած է ռուսերէն լեզուով։
- Ամերիկահայ կենսաբան փրոֆ. Զարեհ Պտուկեան, Հայաստանի Պատմական Թանգարանին նուիրած է՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ¥12-14րդ դարեր¤ շրջանին պատկանող եւ 360 արծաթ ու ոսկի դրամներ պարունակող իր հաւաքածոն։ «Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրամները» խորագրով իր գրքին հրատարակումէն ետք, փրոֆ. Պտուկեան մեծ անուն հանած է Հայաստանի մէջ։