Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, Սեւ Ափրիկէի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ֆրանսական, անգլիական եւ պելճիքական գրեթէ բոլոր գաղութները անկախութեան տիրացան, եւրոպացի եկուորներու փոքրամասնութեան մը կողմէ ղեկավարուող երկիր մը կը բաժնուի մայր երկրէն՝ պայթուցիկ կացութիւն մը ստեղծելով Ափրիկէի եւ աշխարհին մէջ: Արդարեւ,

Ռոտեզիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ Հինգշաբթի առտու, ռոտեզիական փոքրամասնական կառավարութեան կողմէ, որ այսպէսով խզեց այդ հռչակումը արգիլելու համար ամիսներէ ի վեր կատարուող բանակցութիւնները: Մեծն Բրիտանիա անմիջապէս հակազդեց տնտեսական կարգ մը միջոցներով, որոնցմէ գլխաւորը կը հանդիսանայ Ռոտեզիոյ արտաքսումը սթերլինի գօտիէն: Դիմեց նաեւ Ապահովութեան Խորհուրդին քննելու համար ստեղծուած կացութիւնը: Երկուշաբթի Հերըլտ Ուիլսըն Համայնքներէն լիազօրութիւն պիտի պահանջէ՝ յարմար պատիժներով փոխադարձելու համար իր գաղթավայրին ապստամբութեան: Եւ սակայն, Լոնտոնէն Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Սթիուըրթ յայտարարեց, թէ՝ «Մեծն Բրիտանիա պիտի ընդդիմանայ Ռոտեզիոյ մէջ Մ.Ա.Կ.ի զինուորական միջամտութեան»: Անգլիական կառավարութեան այս դիրքորոշումը զայրոյթ պատճառեց ափրիկեան 36 երկիրներու, որոնց Մ.Ա.Կ.ի խմբակը որոշեց նոյնպէս պահանջել Ապահովութեան խորհուրդի անմիջական նիստ մը՝ պնդելով, որ տեղի ունենայ Հինգշաբթիէն Ուրբաթ՝ լուսցող գիշեր: Մինչ պետական քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս ցաւ կը յայտնէ ռոտեզիական որոշման համար եւ կը յայտարարէր, թէ Միացեալ Նահանգները պի-տի չճանչնան Սալզպըրիի անկախութիւնը, Արեւմուտքի թէ արեւելքի մէջ նոյն հակազդեցութիւնը կ'արձանագրուէր: Ափրիկէի մէջ զայրոյթ՝ Ռոտեզիոյ ափրիկեցի ազգայնականները այս իրիկուն Մեծն Բրիտանիայէն պահանջեցին ուժի դիմել՝ զսպելու համար ռոտեզիական կառավարութեան ապստամբութիւնը: