Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամէն անգամ որ Թուրքիոյ Ատելեթ կուսակցութիւնը ընտրական յաջողութիւն մը կþարձանագրէ, քաղաքական դէտերը կը խօսին Ատնան Մենտերեսի յետ մահու յաղթանակին մասին: Թուրքիոյ նախկին վարչապետը, որ կախաղան հանուեցաւ Եասը Ատայի շռնդալից դատավարութենէն ետք, այդպիսով վրէժ կը լուծէ բանակէն եւ Հալքէ, որոնք դաւադրաբար սարքեցին այդ դատավարութիւնը եւ գլխատեցին Ժողովրդավար կուսակցութիւնը: Սակայն հազիւ տարի մը անցած՝ նախկին ժողովրդավարները սկսան գլուխ ցցել եւ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ յայտնուեցան նոր անունով մը՝ Ատելեթ, որ կը նշանակէ արդարութիւն: Արդարութիւն՝ Մայիս 27ի յեղափոխութեան գործած «ոճիրներուն» համար: Արդարութիւն՝ այն բոլոր հալածանքներուն համար, որոնց ենթարկուեցան Մենտերեսի կուսակիցները՝ Հալքի եւ բանակի գործակցութեամբ: Նախորդ ընտրութիւններուն Ատելեթ բաւական թիւով աթոռներ ունեցաւ Ազգային Մեծ Ժողովին մէջ՝ կարենալ հակակշռելու համար Հալքի բացարձակատիրութիւնը: Այն աստիճան, որ Ինէօնիւ ստիպուեցաւ ութ ամիս առաջ հրաժարիլ, որպէսզի կազմուի ազգային միութեան դահլիճ մը: Այն պահուն, երբ այս տողերը կը գրուին, Հոկտեմբեր 10ի ընտրութեանց ամբողջական արդիւնքը չէ հասած նոյնիսկ ընտրական բարձր յանձնախումբին: Բայց որոշ է, որ Ատելեթ այս անգամ աւելի փայլուն արդիւնք մը արձանագրած է եւ կրնայ մինչեւ իսկ բացարձակ մեծամասնութիւն ունենալ խորհրդարանէն ներս: Ատելեթի յաղթանակը կրնայ խոր փոփոխութիւններու ենթարկել Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը, որ վերջերս սկսած էր վերադառնալ 1939-1945 տարիներու տատանումներուն: Տեմիրել, որ ստանձնած է Ատելեթի ղեկավարութիւնը, ծանօթ է իբրեւ ամերիկացիներու վստահելին: Բայց ինչ որ անփոփոխ պիտի մնայ, ատիկա Թուրքիոյ տնտեսական անձուկ վիճակն է: Հակառակ միլիառներու հասնող ամերիկեան տնտեսական օժանդակութեան՝ Թուրքիա չկրցաւ վերականգնիլ: Ընդհակառակն, կացութիւնը օրէ օր կը ծանրանայ, եւ ներքին արիւնահոսութիւն մը արիւնաքամ կþընէ Աթաթիւրքի երկիրը: