- Զարմանալի է Հայաստան աշխարհը։ Քանի մը բուռ հող, աջ ու ձախ լեռներ, խոր¬խոր ձորակներ եւ քար... եւ այդ քարերուն տակ, ձորակներուն կողերուն, լեռներու ծոցին՝ անհամար գանձեր։ Հայոց լեռներուն մէջ պղինձ գտած են։ Պղինձին հետ պղինձէ թասեր, սափորներ, զէնքեր, գաւաթներ, կանթեղներ, զարդեր։ Հայոց լեռներուն մէջ ոսկի գտած են։ Նոր հանքերու կողքին կան հին
հանքեր, դարերու փոշին իրենց վրայ։ Ոսկին օգտագործուած է անագապղինձէն առաջ։ Աստուածներու կերպարանքով ոսկեձոյլ արձաններ կերտուած են։ Եղած է նաեւ քարիւղ։ Պատմագիրները կը վկայեն, ճանապարհորդներ կը գրեն։ Եօթներորդ դարուն սպիտակ ու սեւ քարիւղ արդիւնահանուած է Այծպտկունք, Սարակն լեռներու շրջանակներէն։ Հայերը քարիւղէ ճրագներու լոյսին տակ գրած են մագաղաթեայ մատեաններ։ Անցեալին եղած է քարիւղ։ Իսկ հիմա չկայ։ ¬Ո՞ւր է, տարիներ շարունակ հարցուցած են հայ երկրաբանները։ ¬Ո՞ւր է, կþաղմկեն հորատող մեքենաները քանի մը տարիներէ ի վեր։ Եւ ահա լուրը թնդացած է Հայաստանի մէջ։ Արարատեան դաշտին մէջ յայտնաբերուած է կազ, քարիւղի ծագում ունեցող կազ։ Հայաստանի մէջ քարիւղի փնտռտուքները սկսած են 1948ին։ Սկիզբները գործածուած են փոքր տարողութեամբ, իսկ հետագային մեծ տարողութեամբ մեքենաներ։ Արաքսի ափերուն կազը երեւցած է 715 մեթրէն։ Սկիզբները քիչ եղած է, յետոյ անսպասելի կերպով աւելցած է։ Գտնուած կազին 98 տոկոսը ածխաջրածին է։ Միայն մեթան կազի պարունակութիւնը կը կազմէ 96 տոկոս։
- Օփերայի դերակատար երիտասարդ արուեստագէտ Ժիրայր Սերգոյեան հրաւիրուած է Սթրազպուրկի Օփերան, Ֆաուստի խաղին բերելու իր տաղանդը։ «Տերնիէր Նուվէլ տþ Ալզաս» թերթը գրած է.- «Մեֆիսթոյի դերին մէջ Ժիրայր Սերգոյեան կը ջնջէ տխուր յիշատակը անոնց՝ որոնք քանի մը տարիներէ ի վեր այդ դերին մէջ իր նախորդներն էին։ Ճշմարիտ Մեֆիսթօ մը, որուն գոհացուցիչ ուժը ամէն բանէ առաջ ձայնական է...»։