Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի բնակչութեան աճին մասին շարունակ կը գրուի արտասահմանի հայ մամուլին մէջ: Հայաստանի մտաւորականներէն փրոֆ. Հ. Թումանեան («Հայաստանի տնտեսական զարգացումը» 1960, Երեւան) այդ մասին կը գրէ.-

Յարաբերաբար խաղաղ կեանքը, բժշկութեան եւ գիտութեան զարգացումը, որուն պատճառով կը պակսին հիւանդութիւնները եւ համաճարակները, պատճառներ են երկրի մը բնակչութեան յաւելումին: 1926-1939-ի Հայաստանի բնակչութեան իւրաքանչիւր հազար անձին տարեկան կ՛իյնար 47.53 ծնունդ եւ կը մեռնէր ընդամէնը 15.27 հոգի, որուն պատճառով բնակչութեան տարեկան աճը կը կազմէր 3.3 տոկոս: Բնակչութեան բնական աճումին այսպիսի բարձր տոկոսին պատճառով էական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Հայաստանի տարիքի կազմը եւ բարձրացաւ կեանքին միջին տեւողութիւնը: Ատոր փայլուն ապացոյցն էր այն իրողութիւնը, որ 1939-ի մարդահամարին մինչեւ 19 տարեկան հասակ ունեցողները կը կազմէին Հայաստանի բնակչութեան 54.3 տոկոսը, այսինքն՝ բնակչութեան կէսէն քիչ մը աւելին: Բնական աճումէն զատ, Հայաստանի ժողովուրդին թիւը շատցած է հայրենադարձութեան շնորհիւ: Դեռ նախապատերազմեան շրջանին արտասահմանէն Հայաստան վերադարձան 75.000 հայեր: Ասոր եւ բնական աճումին շնորհիւ՝ 1939-ին Հայաստանի բնակչութիւնը 1.282.000-ի հասաւ, երբ 1920-ին 725.000-ի կը հասնէր: Վերջին տարիներուն Հայաստանի բնակչութեան աճումը հազար անձի համեմատութեամբ բար ձրացած է 30.4-ի, ինչ որ ամէնէն բարձրն է Խ. միութեան միջին ցուցանիշէն: 1959-ին Հայաստանի բնակչութեան թիւը հասած է 1.768.000-ի: Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի զարգացումը եւ այլ ազդակներ պատճառ կը դառնան, որ գիւղին համեմատութեամբ աւելի բարձրանայ քաղաքներու բնակչութեան թիւը: 1965-ի վերջերուն քաղաքային բնակչութեան քանակը պիտի կազմէ 1.130.000, իսկ գիւղերունը՝ մէկ միլիոն, կամ այլ խօսքով, Հայաստանի բնակչութեան 51.1 առ հարիւրը պիտի բնակի քաղաքներու եւ 48.9 առ հարիւրը գիւղերուն մէջ: