Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, մեծ խանդավառութեամբ ու շուքով տօնուեցաւ Գոքինիոյ Զաւարեան սրահին մէջ, ի ներկայութեան մեծ թիւով համակիրներու, ընկերներու եւ երկսեռ երիտասարդութեան:

Հանդէսին ներկայ էին նաեւ՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Գոքինիոյ Ազգ. իշխանութեան անդամները, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչները: Բեմը զարդարուած էր հելլէնական եւ հայկական դրօշակներով: Հանդէսը սկսաւ հելլէնական եւ հայկական ազգային երգերով՝ զորս երգեց երկսեռ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ ընկ. Յ. Սարաճեանի: Ապա՝ օրուան նախագահ ընկ. Օննիկ Զաքարեան իր բացման խօսքը ընելէն ետք, բեմ հրաւիրեց ընկ. Կարպիս Մարկոսեան որ արտասանեց Սիամանթոյի «Սուրիս կայծերուն առջեւ»ը իսկ ընկ. Սօնա Պէօրէքճեան արտասանեց Արտա Նեկրիի «Անմահը»: Ընկ. Գրիգոր Գզրեան երգեց «Աբովեանի երգը»: Բեմին ետեւէն, Դաշնակցութեան նուիրուած ոգեկան տողեր արտասանեց ընկ. Յարութիւն Նալճեան: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան կողմէ տպաւորիչ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Պաղտիկ Սլտրեան: Ապա՝ բեմ բարձրացաւ օրուայ բանախօս ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Թեսաղոնիկէէն: Երգչախումբը՝ հանդէսին ամբողջ տեւողութեան մէջ ընդ մէջ երգեց յեղափոխական եւ ազգային երգեր, օրուան փայլը աւելցնելով: Յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ գեղեցիկ խորհրդապատկեր մը, ընկ. Սօս-Վանիի կողմէ գրի առնուած «Ճան Ֆիտայի»ն, որ խորապէս տպաւորեց ներկաները: Ընկեր նախագահը փակման խօսքը ընելով յոյս յայտնեց թէ՝ արտերկրի հայութիւնը բախտը պիտի ունենայ օր մը Դաշնակցութեան «Օր»ը տօնելու հայրենի  հողին վրայ, որուն համար գետերով արիւն է թափուած: Երգչախումբի «Յառաջ նահատակ»ով վերջ գտաւ Դաշնակցութեան «Օր»ուան այս շքեղ տօնակատարութիւնը: