Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Վերջերս նշուած է Լենինականի թատրոնին հարիւրամեակը։ Թատերական արուեստը, հինէն ի վեր, մեծ նուաճումներ արձանագրած է եւ բազմաթիւ դերասաններ անուն եւ հռչակ հանած են Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Այս հարիւրամեակին առթիւ, լոյս ընծայուած է գրքոյկ մը, որուն նախաբանին մէջ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ Գ. Ղարիբջանեան կը

գրէ.¬ «... Ուղիղ մէկ դար առաջ մեր քաղաքը ունեցել է մշտական թատրոն... Չարքաշ ու աշխատասէր Գիւմրեցին չի զլացել իր չնչին խնայողութիւնները տալ թատրոն հիմնելու համար։ Նա սիրում էր արուեստը։ Գիւմրեցու հոգին, ինչպէս իր բնութիւնը, բանաստեղծական է ու ջինջ։ Այդ բնութիւնն է, որ ծնել է աշխարհահռչակ գիտնական ու փիլիսոփայ Անանիա Շիրակացուն, հանճարեղ Աւետիք Իսահակեանին, հռչակաւոր երգահան Արմէն Տիգրանեանին եւ շատ ուրիշների»։

- Լոնտոնի համալսարանի Քուինզ  Մերի քոլեճի ուսանող Արամ Գէորգեան մեքենական ճարտարագիտութեան ճիւղի պսակաւորի 1965 թուականի աւարտական քննութիւններուն մէջ յաջողելով՝ շահեցաւ նոյն ճիւղի առաջնութիւնը: Ի գնահատութիւն Ա. Գէորգեանի փայլուն յաջողութեան՝ Լոնտոնի համալսարանը կրթաթոշակ կը յատկացնէ անոր, եռամեայ ժամանակաշրջանի մը համար, որպէսզի զբաղի բարձրագոյն կրթութեան, գիտահետազօտական աշխատանքներով: Այժմ ան ընտրած է հաշուիչ մեքենաներու մասնագիտութիւնը: Եռամեայ գիտահետազօտական աշխատանքներէն ետք Ա. Գէորգեան պիտի արժանանայ տոքթորի կոչումին: Որդին իրաքահայ Խաչիկ եւ Ովսաննա Գէորգեաններու, Արամ ծնած է 28 Օգոստոս 1942ին, Պաղտատ: Տարրական կըրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հայոց ազգային դպրոցը, ապա ամերիկեան ուսումնարանին մէջ ստացած է միջնակարգ ուսումը: Ապա ընդունուած է Լոնտոնի համալսարանը: Ա. Գէորգեան ուսանողի իր ընդունակութիւններուն կը միացնէ աշխոյժ եւ շնորհալի երիտասարդի այլ բարեմասնութիւններ եւս: