Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Տաուշ գետի ձախ ափին գտնուող Շամշատինի պետական տնկարանը, որ քանի մը տարի առաջ խոպան էր, այժմ արդէն սկսած են աճիլ տեսակ-տեսակ պտղատու ծառեր: 2500 քառ. մեթր մակերեսով ջուրի աւազանը կարելիութիւն կու տայ ոռոգելու ամբողջ պարտէզը: Վաղահաս դեղձի ծառերը կը գրաւեն հինգ հեկտար տարածութիւն: Խնձորենիները, թզենիները, նոճիները նոյնպէս կլիմայական յարմարութիւն գտած են Շամշատինի շրջանին մէջ: Այս տարի առատ բերք կը սպասուի: Արդէն հաւաքուած եւ յանձնուած է պահածոներու գործարանին «Մայիսեան ծաղիկ» կոչուած դեղձի առաջին բերքահաւաքը: Վերամշակման պիտի ուղարկուի նաեւ «Հայրենական» կոչուած դեղձի բերքը:

- Հայաստանի լրագրողներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի «Լրագրողներու տան» մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ Սերգէյ Սմիռնովի հետ հանդիպման հաւաքոյթ: Անոր «Պրեսթի ամրոցք» գիրքը կը բացատրէ, մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած, հայ ժողովուրդի հեքիաթային հերոսներու մարտնչումը, վերջին պատերազմի ընթացքին, պաշտպանելու համար Պրեսթի ամրոցը: Գրագէտը իր ճառին մէջ յարգանքի եւ գնահատութեան ջերմ խօսքեր ուղղեց ներկաներուն մէջ գտնուող Պրեսթի հերոսներէն Սամուէլ Մաթէոսեանի, Սօս Նուրիջանեանի եւ Արծուիկ Աղակիւլեանի: Այս առթիւ ներկաները եւս ջերմութեամբ ողջունեցին Պրեսթի խիզախ պաշտպանները: Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Եդ. Թոփչեան գրագէտ Սմիռնովին յանձնեց Մարտիրոս Սարեանի մէկ կտաւը, որ ընդունուեցաւ յուզումով եւ շնորհակալութեամբ:

- Լիբանանի աթլեթի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն կոտրուեցաւ Լիբանանի մրցանիշ  մը: ՀՄԸՄական մարզիկ Զեփիւռ Գասապեան 80 մեթր արգելարշաւը վազեց 15 երկվայրկեան 8/10էն: Նախկին մրցանիշն էր 17 վայրկեան 7/10 եւ կը պատկանէր Մարսել Ապի Նատերի: Նոյն մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ Տալալ Նասսար (Գ. Ս.), երրորդ՝ Մարի Գալփաքեան (ՀՄԸՄ):