Օգոստոս ամիսը մեծ արձակուրդներու ամիսն է: Փարիզեցիներուն մեծ մասը այդ ամսուն կը լքէ ամէն ինչ ու կը փութայ դէպի ծովափնեայ ամարանոցները: Պարագան նոյնը չէ, սակայն, շարժանկարի ճարտարարուեստի աշխատաւորներուն համար: Օգոստոս ամսուն բազմաթիւ ժապաւէններու պատրաստութեան կը ձեռնարկեն շարժանկարի արտադրիչներն ու բեմադրիչները: Արդարեւ, այս տարուան Օգոստոս ամսուն Փարիզի փողոցներուն մէջ կը դարձուին երկու ժապաւէններ, մէկը՝ Ժաք Քլեմանի ղեկավարութեան տակ՝ Փարիզի ազատագրման դրուագները ոգեկոչող, միւսը՝ «Փարիզը Օգոստոս ամսուն», Շարլ Ազնաւուրի գլխաւոր դերակատարութեամբ: «Փարիզը Օգոստոս ամսուն» ժապաւէնին նիւթը առնուած է Ռընէ Ֆալէի համանուն վէպէն, որ անցեալ տարի արժանացաւ Էնթեռալիէի գրական մրցանակին: Պատմութիւնն է երիտասարդ զոյգի մը՝ Փարիզի մեծահամբաւ վաճառատուներէն Սամարիթէնի մէջ իբրեւ վաճառորդ պաշտօնաւորող երիտասարդի մը (Ազնաւուր) եւ Անգլիայէն եկած զբօսաշըրջիկ պարմանուհիի մը (Սիւզան Համշայր), որոնք իրենց առաջին հանդիպումին կը կապուին իրարու գորովալից սիրով մը: Երիտասարդ վաճառորդը կը պահէ իր ինքնութիւնը, իր վաճառորդի հանգամանքը կը թաքցնէ նկարիչ արուեստագէտի պատմուճանին տակ: Պարմանուհին, իր կարգին, արժանի բարձրութեան մը վրայ մնալու համար իր համեստ ծագումը կը պարուրէ անգլիական ազնուական գերդաստանի մը պատկանած ըլլալու խաբուսիկ երազանքով: Երկու երիտասարդները ամէն օր թեւանցուկ կը շրջագային Փարիզի փողոցներուն մէջ, իւրաքանչիւրը կը խօսի իր շինծու հանգամանքին մասին՝ զիրար շլացնելու միտումով, եւ այս խաղը իրենց մէջ հետզհետէ կը ծնեցնէ ճշմարիտ սէր մը: Կու գայ, սակայն բաժանման տխուր պահը: Անգլիուհին կը մեկնի իր երկիրը՝ սրտին մէջ տանելով ֆրանսացի «նկարիչ արուեստագէտին» յիշատակը, իսկ երիտասարդ վաճառորդը կը վերադառնայ իր յաճախորդներուն՝ իր երեւակայութեան պաստառին վրայ ամուր քանդակուած ունենալով «ազնուական անգլիուհի»ին չքնաղ դիմագիծը…