Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»ի մէջ, կը կարդանք. Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 1961-ին, «Յուսաբեր»ի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սօսէ» խումբի ընկերուհիներուն կազմակերպած յուշ-երեկոն, որ նուիրուած էր վաստակաւոր գրագէտ, հանրային գործիչ, դիւանագէտ եւ հանրածանօթ հռետոր Աւետիս Ահարոնեանին:
Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր՝ ոգեկոչելու համար հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւկին յիշատակը: Օրուան նախագահ Բենիամին Թաշեան խօսեցաւ Ա. Ահարոնեանի մեծ դերին մասին՝ Հայ Դատի եւ հայոց հայրենիքի ազատութեան համար մղուած պայքարին մէջ: Խօսեցաւ նաեւ Աւետիս Ահարոնեանի գրական գործունէութեան մասին: Յարգելի դասախօսը Աւետիս Ահարոնեանը եւ Վ. Նաւասարդեանը հայ կեանքին մէջ զիրար ամբողջացնող անձնաւորութիւններ նկատեց: Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ կենդանի պատկերով մը, որ կը ներկայացնէր Ա. Ահարոնեանի «Հսկումի գիշերը»:
Լոյս տեսաւ գրականագէտ Գուրգէն Յովնանի «Ռուս-հայ գրական կապերը, 11-20 դարում» մեծածաւալ աշխատութեան առաջին գիրքը՝ բաղկացած երկու մասէ: Առաջին մասին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ 19-րդ դարու առաջին յիսուն տարիներու ռուս-հայ գրական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն եւ յիշատակելով այդ շրջանի ռուս գրողներէն մէկը՝ Ն. Կոկոլ, ցոյց կու տայ այս վերջնոյն ազդեցութիւնը հայ գրականութեան եւ թատրերգութեան մէջ: Գիրքին երկրորդ մասը նուիրուած է վաթսունական թուականներուն՝ Չերնիշեւսքի, Քորոլիւրով, Նեկրասով, որոնք մեծ դեր կատարեցին ռուսական գրականութեան մէջ: Փաստերով ցոյց կու տայ հայ մտաւորականութեան կապը այս մարդոց հետ: