Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ցիրիմոքոսի կազմած հելլէն նոր դահլիճը այսօր կը ներկայանայ խորհրդարան: Անկախ վստահութեան քուէարկութեան արդիւնքէն, զոր նախատեսել դժուար է, Յունաստանի քաղաքական մթնոլորտը, որ տարապայմանօրէն ծանրացաւ վերջին 48 ժամերու ընթացքին, կը մտահոգէ քաղաքական դիտողները: Ուրբաթ իրիկուն բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան Աթէնքի փողոցներուն մէջ: Առաջին անգամն ըլլալով այդ ցոյցերը ապստամբական բնոյթ կը կրէին: Այլեւս «Կեցցէ՛ Փափանտրէուն» աղաղակող չկար, այլ՝ «Անկցի թագաւորը»: Շարժումը ակնբախ կերպով ուղղուած էր միապետութեան դէմ: Փափանտրէու այլեւս տէրը չէ կացութեան: Իրմով սկսած շարժում մը, թունաւորելով քաղաքական մթնոլորտը, երկիրը հասցուցած է քաղաքացիական պատերազմի մը սեմին: Համայնավարական կազմակերպութիւնները սկսած են գլուխ ցցել, օգտուելով այն անորոշ կացութենէն, որ ստեղծուեցաւ երկրին մէջ: Ուրբաթ գիշերուան ցոյցերուն ընթացքին, յստակօրէն ի յայտ եկաւ, որ շարժումին ղեկավարները կտրուկ հրահանգներ տուած էին ցուցարարներուն՝ պատնէշներ կանգնելու եւ ոստիկանութեան հետ բախում ունենալու: Այս ցոյցով համայնավարները ծանր հարուած մը տուած եղան Փափանտրէուի, որ այսուհետեւ պիտի չկարենայ իր պայքարը նոյն ինքնավստահութեամբ շարունակել, որովհետեւ հելլէն հանրային կարծիքը կը նախզգայ ժողովրդային ճակատի մը կազմութեան վտանգը: Յունաստանի համայնավարներուն համար կ՛երեւի դաս չեն եղած 1945-48ի եղերական դէպքերը: Նոյն անուղղաներն են անոնք՝ հելլէն քաղաքական բեմին վրայ, ուր 17 տարի առաջ անխընայ ճզմուեցան, թոյլատուութեամբ Ստալինի, որ ազատ ձգած էր Չրչիլի ձեռքերը, փոխարէնը Լեհաստանի մէջ ներկելու համար իր մանածը: Ապահով կարելի է ըլլալ, թէ համայնավար արկածախնդիրներու այս շարժումը բոլորովին պիտի փոխէ հելլէն քաղաքական մթնոլորտը՝ ի նպաստ ազգայնական ուժերուն: Յանուն ժողովրդավարութեան սկսած արդար պայքար մը անգամ մը եւս ողբալիօրէն պիտի ձախողի համայնավարներու ինքնակոչ միջամտութեան պատճառով: