ՀՄ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, ամէն տարի դպրոց-բանակումներ տեղի կþունենան սկաուտական գործնական աշխատանքներու գիտութիւնը աւելի զարգացնելու եւ նոր աստիճանաւորներ պատրաստելու համար: Սկաուտական կեանքին մօտէն տեղեակ չեղող անձին համար թերեւս նորութիւն մը ըլլայ այս դպրոց-բանակումներու կազմակերպումը. սակայն անոնք, որ քիչ մը աւելի մօտէն հետաքրքրուած են եւ տեղեակ են պատանեկան այս շարժումին, մեզի հետ համաձայն պիտի ըլլան եւ ուրախութեամբ պիտի քաջալերեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչները, որպէսզի անոնք շարունակեն նորանոր ծրագիրներով սատարել այս համաշխարհային եղբայրակցութեան: 1965ի դպրոց-բանակումներէն առաջինը, երկրորդ կարգի պատրաստութեան համար, տեղի ունեցաւ Մայիս 9-13 Յուլիս, Ատոնիսի շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ քսան սկաուտներու՝ եկած Լիբանանի հինգ մասնաճիւղերէն: Երկրորդը, գայլիկներու աստիճանաւորներու պատրաստութեան համար, տեղի ունեցաւ 15-20 Յուլիս, նոյնպէս 20 գայլիկներու մասնակցութեամբ, այս անգամ՝ Այնճարի մէջ: Այս տարեշրջանի երկրորդ դպրոց-բանակումը տեղի պիտի ունենայ 17-22 Օգոստոս, Պուա-տը-Պուլոնէի անտառին մէջ, առաջին կարգի պատրաստութեան համար. ակնարկ մը նետելով խմբապետներու յայտագիրներուն վրայ՝ տեսանք, որ քիչ ատենուան մէջ ընդարձակ ծրագիրներ կազմած են սկաուտական զանազան կարգերու գիտելիքներուն դասաւանդման եւ ուսուցման համար, որոնց իրագործումը վստահուած է մասնագէտ անձերու: Քիչ մը աւելի հետաքրքրուելով՝ հաստատեցինք, որ այս բանակում-դպրոցները կը կազմակերպուին խումբերու հերթական բանակումներէն դուրս: Ուստի, մասնակցողներուն վրայ նիւթական յաւելեալ ծախս մը չաւելցնելու մտահոգութեամբ, խորհրդանշական գումար մը միայն կը գանձուի ենթականերէն, իսկ մնացեալ ամբողջ ծախսը կը հոգացուի Շրջանային վարչութեան կողմէ, որուն անդամները, գիտակից պարտաճանաչութեամբ եւ խոր համոզումով կը ստանձնեն դպրոց-բանակումներու ծախսերը: