- Քսան տարի ետք, 1985ին, այսօրուան բաղդատմամբ, երկրի բնակչութիւնը հարիւրին 40 աւելցած պիտի ըլլայ: Այսինքն աշխարհի բնակչութեան թիւը հասած պիտի ըլլայ 4 միլիառ 300 միլիոնի: Մարդոց սնունդը պիտի ապահովուի «ինքնագործ» երկրագործութեամբ եւ ծովու ջուրի ազատումով: Ծնունդներու հակակշիռը մասամբ պիտի հաւասարակշռէ նուազած մահացութիւնը: Վիրաբուժութիւնը կատարելագործած պիտի ըլլայ բնական գործարաններու մարմինէ մարմին փոխադրութիւնը եւ արհեստական, կերպընկալ եւ ելեկտրոնային գործարաններու գործածութիւնը: Բժշկութիւնը պիտի գործածէ մարդոց անհատականութիւնը սըրբագրող դեղեր, ուսուցումը պիտի դիւրանայ, մարդիկ մնայուն խարիսխներ հաստատած պիտի ըլլան լուսինին վրայ եւ հետազօտած՝ Հրատը կամ մօտաւոր միւս մոլորակները: Նմանապէս, կատարելագործած պիտի ըլլան անջրպետանաւերը կորիզային ուժով բանեցնելու գիտութիւնը: Պատերազմի հաւանականութիւնը հարիւրէն 15-20ի պիտի իջնէ: Անկէ խուսափելու նոր գաղափարներ եւ նոր մեթոտներ չեն նախատեսուիր: Այսուհանդերձ, ներկայիս քննութեան ենթակայ զինաթափութեան սկզբունքները նոյնիսկ մասամբ եթէ իրագործուած ըլլան, քսան տարիէն պատերազմի հաւանականութիւնները հարիւրէն 50 պակսած պիտի ըլլան: Հրթիռներու դէմ պաշտպանութիւնը շատ դիւրին պիտի ըլլայ: Բայց կռիւները գլխաւորաբար պիտի ձգտին բանակներն ու ժողովուրդները թմրեցնելով չէզոքացնելու՝ փոխանակ զանոնք բնաջնջելու եւ փճացնելու: Պատերազմի մեծագոյն վտանգը յառաջ պիտի գայ տեղական բախումներու ծաւալումէն: Եւ ազգերու խմբակցութեանց միջեւ հետզհետէ մեծցող պայքարին պատճառ պիտի ըլլայ տիրապետութիւնը ծովերու յատակին, որուն հանքային հարստութիւնը շահագործման աղբիւր պիտի ըլլայ: Եւ 2000 թուականին, այսինքն՝ 35 տարի ետք, երկրագունդի բնակիչներուն թիւը 5 միլիառ 100 միլիոն պիտի ըլլայ եւ, այսօրուան բաղդատմամբ հարիւրէն 65 այս յաւելումը կ՛արդարանայ մանրէներու բոյներուն դէմ ընդհանուր ախտազերծութեամբ:
Ամփոփեց ՎԷՆ