Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Վենետիկի Միջազգային Փառատօնին մէջ, այս տարի եւս, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ բացառիկ հրաւէրով փայլած են երկու հայ արուեստագէտներ ¬ լիբանահայ ծանօթ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան եւ պուլկարահայ ջութակահար Յովհաննէս Անասթասեան։ Մուտքի մրցումներուն մասնակցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերէն բազմաթիւ երաժիշտներ։ Հայ արուեստագէտները բոլոր նիւթերուն մէջ ձեռք բերած են ամէնէն փայլուն արդիւնքները եւ արժանացած՝ եւրոպական արտաքին նախարարութեան մրցանակին։ Անասթասեան նուագած է իբրեւ առաջին ջութակահար իսկ պարիթոն Ժամկոչեան հետեւած է Միւզիքօ¬Վոքալ քամերային ելոյթ ունենալու համար իբրեւ մենակատար՝ Փառատօնի փակման հանդիսութեանց ընթացքին։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի եւ Էրմիթաժի արշաւախումբերը Կարմիր Բլուրի այս տարուան պեղումներու ընթացքին միջնաբերդի կեդրոնական մասին մէջ երեւան հանած են մինեչւ եօթը մեթր բարձրութեամբ սենեակներ։ Այս սենեակներէն մէկուն մէջ գտած են պահեստ մը, ուր կարելի է հաշուել երկու հարիւր կաւէ առարկաներ,¬ սափորներ, բաժակներ, ճրագներ եւ ուրիշ զանազան իրեր։ Ասոնք բոլորը կը պատկանին ուրարտական շրջանին, Քրիստոսէ առաջ Է. դարուն։ Այս տարուան ուսումնասիրութիւններուն հիմնական խնդիրը միջնաբերդի շէնքերուն յատակագիծին պարզաբանումը պիտի ըլլայ։ Ներկայիս, արշաւախումբին անդամները կը մշակեն ձեռք բերուած նիւթերը եւ հրատարակութեան կը պատրաստեն շարք մը հետաքրքրական աշխատութիւններ։

- Թուրք ոստիկանութիւնը կնքեց Տիեզերական Պատրիարքութեան պատկանող Այ Նիքոլա եւ Կալաթայի Այ Եանի եկեղեցիները եւ արգիլեց անոնց մէջ պատարագ մատուցանել, որովհետեւ, իմացուեցաւ, թէ զանոնք առնել կþուզէ «Թուրք Օրթոտոքսներու» կեղծ¬Պատրիարք Փափա Էֆթիմ, «իր տղուն Արքեպիսկոպոս» Թուրկութ Էրէնորոլի միջոցաւ։