Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Աշխարհահռչակ երգահան-երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեան, որ երկու շաբաթէ ի վեր Յունաստան կը գտնուի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանի եւ Վարչութեան միւս անդամներուն կողմէ։ Մեծանուն հայը նախ այցելեց Մայր եկեղցին եւ ապա շրջեցաւ Առաջնորդարանի բոլոր մասերը։ Յետոյ առաջնորդուեցաւ Առաջնորդարանի դահլիճը՝ ուր հիւրասիրուեցաւ եւ շուրջ մէկ ժամ մտերմօրէն խօսակցեցաւ ներկաներուն հետ։ Անուանի արուսետագէտը ապա, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբաբան հօր, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, այցելեց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը։ Ամբողջ շէնքը շրջելէ ետք, պրն. Խաչատուրեան իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ Հելլադայի մայրաքաղաքին մէջ հայ փոքրիկներու կրթութեան համար, այսպիսի փառաւոր վարժարան մը կառուցուած ըլլալուն համար։ Ժամը բաւական յառաջացած էր եւ պրն. Խաչատուրեան ուրիշ ժամադրութիւններ ալ ունենալով՝ հրաժեշտ առաւ բոլորէն եւ ուղղուեցաւ պանդոկ։ Արամ Խաչատուրեան, իր տիկնոջ եւ զաւկին հետ կը մեկնի դէպի Մոսկուա՝ ներկայ գտնուելու համար Երաժշտանոցի դասաւանդութեանց վերսկսման։ Ան իր տիկնոջ հետ պիտի երթայ Զուիցերիա դաշնակի եւ ջութակի մրցումներու հետեւելու՝ իբրեւ ժիւռիի անդամ, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, տիկին Խաչատուրեան յայտնի դաշնակահարուհի եւ երգահան է միաժամանակ։

- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար պրն. Տին Ռասք, շնորհաւորելով Անգարայի ամերիկացի նոր դեսպան պրն. Հարթը իր նշանակման համար, շեշտեց՝ թէ նախագահ Ճոնսըն շատ մեծ կարեւորութիւն կուտայ այս հարցին, որովհետեւ Թուրքիա երկիր մըն է, որուն հետ Միացեալ Նահանգները ամէնէն սերտ կապերը ունին։ Պրն. Ռասք ըսաւ՝ թէ այս երկրին խնդիրները մեր խնդիրներն ալ են եւ մեր խնդիրները՝ թուրքերու խնդիրներն ալ են։