Հայ Գթութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան ի գործ դրած բացառիկ ճիգերուն եւ Հ. Օ. Մ.ի Կեդր. Վարչութեան օժանդակութեան շնորհիւ՝ կարելի եղաւ այս տարի եւս իրագործել աշակերտական կազդուրման կայանի խիստ օգտաշատ ձեռնարկը, որ դարձած է ազգապահպանման կարեւոր ազդակ մը, տրուած ըլլալով որ՝ ան ոչ միայն պատեհութիւն կուտայ մեր շրջանի հայորդիներուն ամառնային այս տաք եղանակին հեռանալու քաղաքներու համեմատաբար վատառողջ մթնոլորտէն եւ բնութեան ծոցին մէջ, ընտիր սննդառութեամբ կազդոյրի շրջան մը բոլորելու, այլ նաեւ՝ գործադրուած կանոնաւոր դասաւանդութիւններով՝ տոհմային դաստիարակութիւն ստանալու։ Ահա այս ձեռնարկի փակման հանդէսն է, որ տեղի ունեցաւ, կայանի օդասուն վայրին մէջ։ Ներկայ էին՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Անուշաւան Քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութիւնը, Միութեանց եւ Կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ ստուար թիւով ծնողներ եւ արտասահմանէն եւ շրջաններէն հիւրաբար Թեսաղոնիկէ գտնուող հայրենակիցներ։ Տէր Անուշաւան հայրը իր բացման խօսքով գնահատեց Հ. Գթ. Խաչի գործունէութիւնը եւ իմաստալից խրատական մը խօսեցաւ փոքրիկներուն, վեր առնելով ուսման դերը անհատներու եւ ազգերու վերելքին մէջ։ Աշակերտներու կողմէ երգուած հելլէն Ազգ. փառերգէն եւ Հ.Օ.Մ.ի քայլերգէն ետք, ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեան կարդաց խնամուած տեղեկագիր մը, ամփոփ կերպով ներկայացնելով կայանի կեանքը, ուր Քսանթիէն, Գոմոթինիէն ու Թեսաղոնիկէէն 30 հայորդիներ, մօտաւորապէս մէկ ամիս ապրեցան ազգային առողջ մթնոլորտի մը մէջ եւ կանոնաւորաբար հետեւեցան հայերէն լեզուի եւ պարբերաբար Հայոց պատմութեան դասաւանդութեանց, սորվեցան արտասանութիւններ եւ տոհմիկ երգեր, որոնցմով համեմեցին իրենց ազատ ժամերը։ Տիկին Մանուկեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան, ազգային դաստիարակութեան համար իր թափած ճիգերուն եւ ստանձնած զոհաբերութեանց համար։