Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պսակ Արքեպիսկոպոս միշտ կը մնայ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ հակառակ սպառնալիքներուն՝ Ն. Կիւլպէնկօղլու ոչ մէկ օրինական միջոցի դիմած է գործադրել տալու համար իր պաշտօնազրկումը, որու պայմանաժամը լրացաւ Օգոստոս 3ին։ Օգոստոս 16ին, Լոնտոնի «Թայմզ»ը հետեւեալ տեղեկութիւնները կուտայ այդ մասին.¬ «Պսակ Արք. Թումայեան, Անգլիոյ հայոց կրօնական պետը կը մնայ Ս. Սարգիսի հայոց եկեղեցին, մինչ նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։ Կը թուի, թէ ի վերջոյ նոր եկեղեցի մը պիտի փոխադրուի։ Անցեալ ամիս խնամակալները Նուպար Կիւլպէնկեանի գլխաւորութեամբ պաշտօնանկ ըրած էին Պսակ Արք.ը, որ սակայն չէր ընդունած պաշտօնազրկումը։ Ներկայիս լարուածութիւնը պակսած է եւ անցեալ շաբթու հաշտարար խօսակցութիւններ սկսած էին խնամակալներուն եւ հայոց եկեղեցւոյ Խորհուրդին միջեւ։ Որոշուած է, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութիւնները պիտի չընդհատուին եւ Սրբազանը պիտի մնայ, մինչ խօսակցութիւնները կը շարունակուին տեւական լուծում մը գտնելու համար։ Նման ուրիշ հանդիպում մը պիտի ըլլայ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին։ Սկզբունքով երկու կողմերն ալ համաձայն են նոր եկեղեցւոյ մը գաղափարին շուրջ։ Պատճառներէն գլխաւորն ալ այն է, որ շատեր չեն կրնար եկեղեցի մտնել։ Ս. Սարգիս կառուցուած է ճիշդ Առաջին Աշխարհամարտի վաղորդայինին Նուպար Կիւլպէնկեանի հօր կողմէ, հայկական մատուռի օրինակին վրայ։ Ցարդ երեք անգամ ընդլայնումներ կատարուած են, բայց խնամակալները կþըսեն՝ թէ կարել չէ նոր ընդարձակում կատարել առանց ճարտարապետական վնասներ պատճառելու։ Վէճին գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ Ս. Սարգիս թէ՛ Արքեպիսկոպոսարան է եւ թէ՛ ծխական եկեղեցի մըն է։ Խնամակալները մանաւանդ կþուզեն, որ եկեղեցին աւելի ծխական բնոյթ ունենայ։ Եթէ նոր եկեղեցի մը գտնուի, խնամակալները կþուզեն, որ Արքեպիսկոպոսը իր կրօնական հեղինակութիւնը պահէ Ս. Սարգիսի վրայ։