Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերը արշաւ մը կազմակերպած էին դէպի Ֆաներոմենի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական քէմփը։ Առաւօտուն կանուխ արդէն Աթէնքէն, Գարէայէն, Ֆիքսէն եւ Գոքինիայէն մասնաւոր եւ վարձուած ինքնաշարժներով համակիրներ, ծնողքներ եւ մարզասէրներ փութացած էին հաճելի օր մը անցընելու ծառախիտ եւ ծովեզերեայ քէմփը։ Ժամը 11։30ին սկսան լուղորդական մրցումները հետեւեալ արդիւնքներով.- 50 մեթր պատանիներու։ ա. Սերոբ Բեքմէզեան, բ. Թագւոր Յովակիմեան, գ. Կարապետ Աւագեան (բոլորն ալ Գոքինիայէն)։ 100 մեթր երիտասարդներու՝ ա. Միհրան Պ. Սարգիսեան (Ֆիքսէն), բ. Արմենակ Կէօվտէրէլեան (Գոքինիա)։ 4X5 մեթր դրօշարշաւ ա. Ֆիքս (խմբապետ՝ Միհրան Սարգիսեան), բ. Գոքինիա (խմբապետ՝ Ա. Կէօվտէրէլեան)։ Մետալները պիտի բաշխուին մասնաճիւղի կողմէ պաշտօնական հանդէսներու ընթացքին։ Ներկայ էին՝ Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան, եղբ. Դ. Դանիէլեան, եղբ. Յ. Սվազլեան, աւագ խմբապետ եղբ. Լեւոն Գայեան Արժանթինէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Ֆիքսի նախկին խմբապետներէն եղբ. Մանուկ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ ատենապետները եւ վարչականները։ Բանակումը վերջացաւ Օգոստոս 23ին։

- Երեւանի Քաղաքապետութեան որոշումով՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին հիւսիսային եւ հարաւային ծայրամասերուն մէջ յուշարձաններ պիտի բարձրացուին։ «Հարաւի Դուռը» պիտի զարդարուի իւրաքանչիւրը մօտ տասնըհինգ մեթրնոց երեք կոթողներով, որոնց գագաթին հաստատուած պիտի ըլլան պղինձէ արծիւ մը՝ ճանկերուն մէջ ունենալով որմնադիրի գործիք, ինչ որ իր բնակիչներուն աշխատանքով վերականգնած քաղաքը պիտի խորհրդանշէ։ Երեւանի մօտերը, Սեւանի խճուղիին վրայ, ճամբորդները պուրակի մը կանաչութեան մէջ պիտի տեսնեն վարդագոյն տուֆէ շինուած շատ մը աղբիւրներ, որոնք «Վահագնի ծնունդը» պիտի պատկերացնեն։ Յուշարձանին վրայ պիտի արձանագրուի Երեւանի հիմնադրութեան թուականը ¬ մեր թուականէն առաջ՝ 782 տարին։