Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայերէն առաջին տպագիր օրացոյցը լոյս տեսած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 1565ին, Աբգար Թոքատցի հայ տպագրիչին ջանքերով։ Օրացոյցը տպագրուած էր թերթ մը թուղթի վրայ, բազմատեսակ աղիւսակներով ու թիւերով եւ կը կոչուէր «Խառնափնթուր տումարի գեղեցիկ ու պիտանի»։ Այնուհետեւ մինչեւ դարի վերջը՝ հայերէն օրացոյցները, որ կը կոչուէին «տոմար» լոյս տեսած են Հռոմի, Ամսթերտամի, Վենետիկի եւ Պոլսոյ մէջ։ 19րդ դարուն արդէն անոնք կոչուած են օրացոյց կամ ծոցի օրացոյց եւ տպագրուած են Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Վենետիկի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Այդպիսի օրացոյցներ յետագային սկսած են լոյս տեսնել նաեւ Երեւանի, Ռոստովի, Ալեքսանդրապոլի եւ Թիֆլիսի մէջ։ Սեղանի օրացոյցներէն կամ տարեցոյցներէն զատ, յայտնի էին Պոլսոյ հայոց ազգային հիւանդանոցի եւ Թէոդիկի, Թիֆլիսի «Լոյս» եւ Պաքուի «Արօր» օրացոյց¬տարեցոյցները։

- Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, որ որպէս հիւր դասախօս միջոց մը պաշտօնավարած էր Հարվըրտի համալսարանի Բիւզանդագիտական բաժնին մէջ, այժմ նոյն համալսրանի տպարանէն անգլերէնով լոյս ընծայած է նոր ուսումնասիրութիւն մը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիի մասին։ 138 մեծադիր էջերէ ու 77 մեծադիր նկարներէ բաղկացած այդ ստուար եւ հոյակապ երկը կþուսումնասիրէ Ս. Խաչի ամբողջական պատմութիւնը, կառոյց, արտաքին որմերու քանդակները ու ներքին որմանկարները, եւ զանոնք կը բաղդատէ միջնադարեան ուրիշ քանդակներու ու նկարներու հետ, քրիստոնեայ ու մահմետական։ Աշխարհագրական քարտէս մը եւ եկեղեցիին յատակագիծը կցուած են հատորին որպէս յաւելուած։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ փրոֆ. Օթթօ Տորնի նոյն նիւթի մասին ուսումնասիրութեան հետ, որ վերջերս լոյս տեսած էր Անգարայի մէջ։ Փրոֆ. Տէր Ներսէսեանի երկին անունն է «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին»։