Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Քալիֆորնիոյ շրջանի 6րդ Պատգամաւորական ժողովը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իր աշխատանքները լրացուց Յուլիս 5ին, մեծ յաջողութեամբ: Պատգամաւորական ժողովին ներկայ եղան եւ ողջունեցին՝ Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան: Յուլիս 3, շաբաթ երեկոյեան, «Ռոստոմ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ բացման հանդէս՝ ատենապետութեամբ Կարօ Գավաֆեանի, պատուոյ նախագահութեամբ տոքթ. Ա. Ինճեճիկեանի: Ճառեր խօսեցան՝ Յակոբ Մանճիկեան (Հ.Յ.Դ. Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէին կողմէ) եւ Ա. Ամուրեան (Ասպարէզի): Երգ ու նուագով մասնակցեցան՝ Լուսի Իսրայէլեան (երգ), Շուշիկ Վարդանեան (դաշնամուր), Ճոնի Մադաթեան (դաշնամուրի մենանուագ): Հանդէսը պսակուեցաւ խանդավառութեամբ:

- Հ.Յ.Դ. Քալիֆորնիոյ շրջանի 6րդ Պատգամաւորական ժողովին, Կիրակի, Յուլիս 4ի նիստին ներկայացան վեց նորագիր ընկեր-ընկերուհիներ, որոնք հանդիսաւոր երդում տուին՝ կնքահայրութեամբ Կարօ Սասունիի, որ ոգեպնդիչ խօսքով բացատրեց այն վեհ գաղափարները, որ Դաշնակցութեանն են եւ՝ այն դժուարին ճամբան, որ պիտի կտրէ ամէն դաշնակցական: Նորագիրները, խանդավառ, կը կազմեն «Լեւոն Շանթ» կոմիտէութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանակին մէջ:

- Հայրենակից մը, որ Ֆրեզնոյէն Լոս Անճելըս մեկնած էր եւ հոն այցելած՝ «Մեսրոպեան» վարժարանի կառուցուող շէնք, հիացումով եւ մեծ հրճուանքով կը նկարագրէ, որ շէնքին առաջին յարկը արդէն կառուցուած է եւ այժմ երկրորդ յարկին կառուցումն է, որ կը կատարուի: Դպրոցը պիտի ունենայ 12 դասարան, արդիական բոլոր յարմարութիւններով եւ պիտի ունենայ նախակրթարանի երեք դասարաններ: Արեւելեան Լոս Անճելըսի մէջ այժմ կþապրի հոծ հայութիւն մը, որուն զգալի տոկոսը կը կազմեն տարիներ առաջ Գերմանիայէն եկած մեր տարագիր հայրենակիցները, որոնց եռանդուն ջանքերուն շնորհիւ՝ գնուեցաւ «Մեսրոպեան» վարժարանին հողամասը, 50 հազար տոլար արժողութեամբ: