Յուլիս 11ին, «Հայաստան» Քէմփին մէջ տեղի ունեցած է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի շրջանի 72րդ Պատգամաւորական ժողովի փակման դաշտահանդէսը՝ ժողովրդական խուռն բազմութեան ներկայութեան: Այս առթիւ «Հայրենիք» կը գրէ.- Հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացաւ Մկրտիչ Յարութիւնեան ու քանի մը խօսքէ ետք, ատենապետութիւնը յանձնեց Ստեփան Տարտունիի: Ս. Տարտունի, որ ներկայ էր 72րդ Պատգամաւորական ժողովին, յայտարարեց, թէ Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր ընկերները իրենց մօտ շաբթուան մը աշխատանքներու ընթացքին, Յունիս 29էն մինչեւ Յուլիս 3, միշտ առաջնորդուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ հայրենի հողերու ազատագրութեան իտէալներէն: Ապա հրաւիրեց Մինաս Թէօլէօլեան, որ յանուն Հ.Յ.Դ. 72րդ Պատգամաւորական ժողովին ողջունեց ներկաները ու յայտարարեց, թէ մշակուած է նոր ծրագիր՝ հայ ժողովուրդի Դատը հետապնդելու համար: Ամերիկահայութիւնը միշտ առաջնակարգ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, ըսաւ ընկերը, որովհետեւ այս մեծ եւ ազատ երկրին մէջ ամէնէն աւելի կարելի է հետապնդել մեր Դատը, մեր իրաւունքները: Մեր քաղաքական օժանդակութեան պէտք ունի նաեւ արտասահմանը: Մեր կազմակերպութիւնը այսօր շատ աւելի կշիռ եւ արժէք կը ներկայացնէ քան՝ կարճ ժամանակ առաջ: Ներդաշնակ եւ միահամուռ կամք ստեղծուած է մեր ճիգերուն շարունակութեան համար: Ատենապետին հրաւէրով խօսեցաւ Սեդրակ Մինաս (անգլերէն)՝ յանուն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, ու շեշտեց մասնաւորաբար, թէ յիսնամեակը սկիզբն է մեր աշխատանքներուն Հայ Դատին համար, որուն հետապնդումը պիտի շարունակենք մեր բոլոր միջոցներով: Թուրք կառավարութիւնը, ըսաւ ընկերը, մեծ գումարներ տրամադրած է մեր դէմ պայքարելու համար, որովհետեւ մտահոգ է: Մենք փաստեցինք աշխարհին, թէ Հայ Դատը ողջ է, ու բոլոր հայերը պիտի օժանդակեն անոր յաջողութեան: Վճռական տարի մըն է ասիկա եւ նոր էջ մը պիտի գրուի մեր պատմութեան մէջ: Մենք կը հրաւիրենք նոր սերունդը, որ իր պարտականութիւնը կատարէ՝ մասնակցելով այս աշխատանքներուն: